Աթէնքի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ըմբշամարտի մինչեւ 17 տարեկաններու աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն, Հայաստան ոսկի մետալ նուաճեց, երբ 65 քկ կշիռի մրցումներուն Ջանես Նազարեան հիանալի ելոյթներով յաղթական դարձաւ:
Աւարտականին Նազարեան 5-4 արդիւնքով յաղթանակ մը տարաւ Վրաստանի ներկայացուցիչ Էրեքլէ Թաւպերիծէի վրայ:
Ջանես զտումի մրցումներուն յաղթած էր ամերիկացի Արսենի Քիքինիուին, 18-րդ աւարտականին ազրպէյճանցի Հուսէյն Իսկանտարովին (9-1), քառորդ աւարտականին ֆրանսացի Քիլիան Էտուին (6-0) եւ կիսաւարտականին Եհոր Թարասենքոյին (3-1):
51 քկ յունահռոմէական ըմբշամարտի մրցումներուն, Մարաթ Աճէմեան 11-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք թուրք Փոլաթ Չան Քարատենիզի, պրոնզէ մետալ շահեցաւ: 60 քկ կշիռի մրցումներուն, Զաւէն Մեժլումեան 5-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեց ուքրանացի Տենիս Սերետինը եւ շահեցաւ պրոնզէ մետալ: