Իտալացի պատմական մարզիչ Առիկօ Սաքի իր կարծիքը յայտնած է իտալական ակումբներու վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ խորհուրդ տուած է Նափոլիի եւ Ինթեր Միլանի` կեդրոնանալու «Սերի Ա.»-ի ելոյթներու վրայ եւ ոչ թէ «Չեմփիընզ լիկ»-ի:
«Իտալիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին նայելով կը կարծեմ, որ կրնամ խորհուրդ տալ Նափոլիին եւ Ինթերին, որոնք այս պահուն ամէնէն շատ ձեւով պատրաստ են պայքարելու քանի մը ճակատներու վրայ, կեդրոնանալ հիմնական ձեւով «Սերի Ա.»-ի վրայ: Կարծիքովս` անոնք տակաւին պատրաստ չեն հաւասար պայմաններով մրցելու եւրոպական յառաջատար խումբերու դէմ, եւ փորձելով այդ մէկը կրնայ վտանգել անոնց ներքին առաջնութեան պայքարը:
«Շաբաթական երեք մրցում կատարելու համար բարձր մակարդակով մնալու նպատակով անհրաժեշտ է շատ մեծ խմբակ` թեքնիքով եւ ֆիզիքականով զօրաւոր մարզիկներ, ինչպէս նաեւ զանոնք կառավարելու կարողութեամբ, որ անկեղծ ըսած, չեմ կարծեր, որ Նափոլին եւ Ինթերը ունին:
«Դուք կ՛ըսէք Ինթերը աւարտական հասաւ, եւ եթէ մրցակիցը Փարիզ Սեն Ժերմենը չըլլար, ապա արդիւնքը տարբեր կրնար ըլլալ: Տրամաբանական է: Բայց իրականութեան մէջ, իտալական ակումբները թէ՛ խաղաոճով, թէ՛ նիւթականով ետ կը մնան որեւէ եւրոպական այլ երկիրներու լաւ խումբերէն: Նայեցէ՛ք Փարիզ Սեն Ժերմենի, Չելսիի, Պարսելոնայի, Լիվըրփուլի, Մանչեսթըր Սիթիի, Պայերն Միւնիխի եւ Ռէալ Մատրիտի պիւտճէներուն: Անոնք ձեռք կը ձգեն լաւագոյն մարզիկները եւ կը վճարեն հսկայական աշխատավարձեր»:
«Մենք «Չեմփիընզ լիկ» 2010-էն ի վեր չենք շահած, քանի որ պատճառներ կան: Միայն նիւթականի պակաս չէ: Կը պակսին նաեւ գաղափարներ: Իտալական ֆութպոլը դժուար ժամանակաշրջան կ՛ապրի, ասիկա փաստ է», ըսաւ Սաքի: