Գիւմրեցի Յովհաննէս Մարգարեան փայլուն յաղթանակով պսակեց Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող հրաձգութեան Եւրոպայի ախոյեանութեան տղոց անհատական մրցումները, որոնց մասնակիցները 50 մեթր հեռաւորութենէն հրացանով կը խոցէին բնական ընթացքով շարժող թիրախները:
Հայ հրաձիգը սահմանեց աշխարհի եւ Եւրոպայի մրցանիշներ` դառնալով ախոյեան:
Աւարտականին Մարգարեան դանդաղ շարժող թիրախներուն հարուածելով վաստկած է 297 կէտ, իսկ արագ թիրախներուն` 294 կէտ: Ընդհանուր գումարով 591 կէտերը արդէն իսկ մրցանիշ էին:
Մարգարեանէն 2 կէտերով ետ մնացած են արծաթէ մետալակիր շուէտացի Եսփեր Նիւպերկը եւ պրոնզէ մետալակիր հունգարացի Տամաշ Թասին:
Հայաստանի տղոց ազգային խումբը Մարգարեանի, Գոռ Խաչատրեանի եւ Հայկ Մինասեանի հետ պրոնզ մետալ շահած է այս մրցաձեւի խմբային ճակատումներուն: Հայաստան 1738 կէտ ձգած է, մինչ Շուէտ (առաջին) 1740 կէտ ձեռք ձգած է, իսկ Ֆինլանտա (երկրորդ)` 1739 կէտ:
Շաթորույի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ախոյեանութեան աղջկանց մրցումներուն 4-րդ անգամ ըլլալով պատուոյ հարթակ բարձրացաւ Լիլիթ Մկրտչեան:
Հայ հրաձիգը բնական ընթացքով շարժող թիրախի 50 մեթր մրցումներուն պրոնզէ մետալ շահեցաւ անհատական մրցումներուն:
Լիլիթ Մկրտչեան 572 կէտ (288` դանդաղ եւ 284` արագ թիրախներ) ձեռք ձգեց գրաւելով երրորդ դիրքը, ֆինլանտացի Ճուլիաննա Իտա Հէյքիլայի (581 կէտ Եւրոպայի մրցանիշ) եւ ուքրանացի Հալինա Աւրամենքոյի (573 կէտ) ետին:
Նոյն մրցաձեւի աղջկանց խմբային մրցումներուն, Հայաստանի ազգային խումբը, որ կը ներկայացնէին Լիլիթ Մկրտչեան, Գոհար Յարութիւնեան եւ Արուսեակ Գրիգորեան, 1685 կէտ նշանակելով դարձաւ արծաթէ մետալակիր:
Եւրոպայի ախոյեան դարձաւ Ուքրանիա (1696 կէտ), իսկ պրոնզէ մետալ շահեցաւ Ֆինլանտա (1666 կէտ):
Լիլիթ Մկրտչեան նախապէս վազող թիրախի խառն վազքի (ոսկի), վազող թիրախ բնական վազքի եւ նոյն մրցաձեւի երիտասարդներու տարիքային անհատական մրցումներու արծաթ մետալները շահած էր: