Այս կիրակի օր Ճիւնիի «Ֆուատ Շեհապ» մարզադաշտին վրայ, յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Դ. դասակարգի աւարտական հանգրուանի իր երկրորդ մրցումը պիտի կատարէ հիւսիսի Շեքքա խումբին դէմ:
Շեքքա իր առաջին մրցումին 3-1 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Լիուաա Սայտայէն, մինչ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ նոյն արդիւնքով յաղթած էր Սանհարիպին: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի տղոցմէ անպայման յաղթանակ կը սպասուի, մինչ համակիրներէն կը սպասուի աւելի մեծ թիւերով ներկայանալ Ճիւնիի դաշտ` քաջալերելու համար տղաքը:
Փոխադրակառքեր տրամադրուած են կէսօրուան ժամը 13:30-էն` համակիրները փոխադրելու դաշտ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն, Ռաուտայէն եւ Ֆանարէն: