Մարզական

«Էն. Պի. Էյ.».  Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

«Էն. Պի. Էյ.». Պուլզի, Հոքսի Եւ Քլիփըրզի Երրորդ Յաղթանակը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան չորս ճակատումներ: Թորոնթօ Ռեփթըրզ 105-102 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Տենվըր Նակեթցի: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տեմար Տերոզա նշանակեց երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը (33): Ինչ կը վերաբերի մնացեալ երեք ճակատումներուն, Շիքակօ Պուլզ, Աթլանթա Հոքս եւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ արձանագրեցին իրենց երրորդ յաղթանակները` բնականաբար առանց պարտութեան: Նշենք, որ Քլիվլենտ Քաւալիրզ եւ Օքլահոմա...

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Տիտղոսակիր` Մանարայի Մէջ

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Տիտղոսակիր` Մանարայի Մէջ

Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Պասքեթպոլի Մրցաշարք  ՀՄԸՄ Տիրացաւ Տիտղոսին` Յաղթելէ Ետք Արաբական Աշխարհի Ախոյեան Նաժըմ Սահելիի Երէկ երեկոյեան Ռիատի Պէյրութի Մանարայի դաշտին վրայ աւարտեցաւ Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի միջազգային 26-րդ մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` ՀՄԸՄ-ի եւ թունուզեան Նաժըմ Սահելիի միջեւ: Երկու կազմերը այս մրցաշարքին նախապէս իրարու դէմ յանդիման եկած էին, եւ ՀՄԸՄ արձանագրած էր 92-80 արդիւնքով յաղթանակ մը: Երէկուան...

Ֆութսալ.  Պէյրութի Դրամատունը Տիրացաւ Լիբանանի Բաժակի Մրցաշարքի Տիտղոսին

Ֆութսալ. Ա. Եւ Բ. Դասակարգի Ախոյեանութիւններուն Դասաւորման Պատկերը

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Լիբանանի ֆութսալի Ա. եւ Բ. դասակարգերու ախոյեանութիւններուն 6-րդ հանգրուանի մրցումները: Ա. դասակարգի ախոյեանութեան պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Պէյրութի դրամատունը, որ ցարդ իր կատարած 5 մրցումներն ալ աւարտած է յաղթանակով: Ինչ կը վերաբերի Բ. դասակարգին, Ղըպէյրի կը գրաւէ առաջին դիրքը` 15 կէտով: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ արձանագրած է 3 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն, 9 կէտով կը...

Ռուբէն Հայրապետեան. «Համակիրները Փորձանք Են Հաւաքականի Գլխուն»

Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Վանաձորի ֆութպոլի ակադեմիային պաշտօնական բացումը: Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան տուաւ մամլոյ ասուլիս մը` պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն: Հայրապետեան ըսաւ. «Մեր համակիրները թոյլ չեն տար, որ մարզիչները աշխատին: Տակաւին խաղադաշտ չմտած կը պոռան` «Վարուժան Սուքիասեան, հեռացի՛ր», եւ այլ մարզիչի անուն կը կանչեն: Ատիկա շատ գէշ է: Ոչ ոք կը տեսնէ, թէ հաւաքականը ինչո՛ւ...

Միքա Կը Մասնակցի Հայաստանի Ֆութպոլի Բարձրագոյն Խումբի Ախոյեանութեան 2015-2016 Տարեշրջանին

Հայկական Ֆութպոլ. Առաջին Երեք Դիրքերը Գրաւողները` Յաղթական

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներուն, առաջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերը` Շիրակ, Փիւնիկ եւ Գանձասար - Կապան յաղթանակներ արձանագրեցին յաջորդաբար Բանանցի (2-1), Ալաշկերտի (2-1) եւ Արարատի դէմ (1-0): Գանձասար - Կապանի կոլը նշանակեց Գեղամ Յարութիւնեան (74-րդ): Արմէն Մանուչարեան (30-րդ) եւ Վարդան Պօղոսեան (48-րդ` փենալթիով) նշանակեցին Փիւնիկի կոլերը, իսկ Արտակ Եդիգարեան (69-րդ)` Ալաշկերտի կոլը: Վերջապէս, Բանանցի կոլը նշանակեց Գրիգոր...

Ակումբներու Դասաւորման Մէջ.  Հայաստան 3 Դիրքի Ոստում Արձանագրեց

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Մանչեսթըր Սիթի – Պարսելոնա

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, այսօր եւ վաղը կը կատարուին դարձի ճակատումները: Ցարդ խումբերը կատարած են երեքական մրցում: Կարեւորագոյն ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, երբ Անգլիոյ մէջ Մանչեսթըր Սիթի հիւրընկալէ Պարսելոնան: Անգլիական կազմը վրէժ մը ունի լուծելիք Պարսելոնայէն` նկատի ունենալով, որ երթին անիկա Սպանիոյ մէջ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց: Նշենք, որ Պարսելոնայէն...

Եւրոպայի-2017-ի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Կը Մասնակցի Զտումի Մրցաշարքին

1-6 նոյեմբեր 2016-ին տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Հայաստան զտումի այս մրցաշարքին իրեն մրցակից պիտի ունենայ Լեհաստանը, Իսլանտան եւ այս մրցումները հիւրընկալող Իսրայէլը: Զտումի այս մրցաշարքին համար Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Ոսկանեան նկատի առաւ հետեւեալ մարզիկները. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Էրիք Մելիքսէթեան եւ Նարեկ...

Միջազգային Ֆութպոլ. Պօղոսեան Կոլ Մը Նշանակեց Ռիվըր Փլէյթի Բերդին Մէջ

Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Արսենալ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ռիվըր Փլէյթի հետ, հակառակ անոր որ վերջինս մրցումին ընթացքին 2-0 արդիւնքով կը յառաջանար: Մրցումին 64-րդ վայրկեանին ուրուկուէյահայ յառաջապահ Խոաքին Պօղոսեան նշանակեց Արսենալի առաջին կոլը: Ան իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին: Ան այսպիսով նշանակեց այս տարեշրջանի իր երկրորդ կոլը: Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Արսենալ 3 կէտով...

«Էն. Պի. Էյ.» Ռասըլ Ուեսթպրուք Դարձեալ Կը Փայլի

Ռասըլ Ուեսթպրուք (ձախին) «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան եօթը հանդիպումներ: Օքլահոմա Սիթիի մաս կազմող Ռասըլ Ուեսթպրուք հանդիսացաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան չորրորդ մարզիկը, որ կրկնակի թրիպըլ-տապըլ կ՛իրագործէ տարեշրջանի առաջին երեք խաղերուն ընթացքին: Լոս Անճելըս Լէյքըրզի դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (113-96) ան նշանակեց 33 կէտ, 12 ռիպաունտ եւ 16 էսիսթ: Վերջին անգամ տարեշրջանի առաջին...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Ինթեր Միլան – Լացիօ Ռոմա. Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ` Երթի Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարագլուխի Դիրքը Գրաւողները` Յաղթական

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին Մանչեսթըր Սիթի, Արսենալ, Լիվըրփուլ եւ Չելսի տպաւորիչ յաղթանակներ արձանագրեցին, մինչ Մանչեսթըր Եունայթըտ չկրցաւ յաղթանակ արձանագրել: Իտալիոյ մէջ, Եուվենթուս ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Նափոլիի: Սպանիոյ մէջ, դասաւորման առաջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերը յաղթանակներ արձանագրեցին: Ռէալ Մատրիտ մնաց առաջին` իր ետին ձգելով Պարսելոնան եւ Աթլեթիքօ Մատրիտը: Գերմանիոյ մէջ, իր...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` Յաղթական

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` Յաղթական

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 29 հոկտեմբերին, Սատի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ներքին ապահովութեան ուժեր - ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցումը: Հակառակ անոր որ ՀՄԸՄ Ա. կիսախաղին 2-1 արդիւնքով ուշացած էր, բայց մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի տղոց յաղթանակով` 6-4 արդիւնքով: ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Վաչէ Ղուկասեան, Աւօ Տոնպուրեան, Սերժ Մելիքեան, Շանթ Պալեան (2 կոլ) եւ Աւիկ Յարութիւնեան:...

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

ՀՄԸՄ - Սալա մրցումէն Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի միջազգային 26-րդ մրցաշարքի կիսաւարտականի ճակատումները տեղի ունեցան երէկ: Առաջին մրցումը, որ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին եւ մարոքեան Ժամհիեթ Սալա խումբին միջեւ, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով, որ երկարաձգումէն ետք 111-106 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը: Մրցումին չորս քորթըրները աւարտեցան 100-100 հաւասարութեամբ (36-25, 20-27, 26-17 եւ 18-31): Երկարաձգումին, ՀՄԸՄ նշանակեց 11 կէտ, մինչ մրցակից կազմը`...

Վանաձորի Մէջ Բացուեցաւ Հայաստանի Երրորդ Ֆութպոլի Ակադեմիան

Վանաձորի Մէջ Բացուեցաւ Հայաստանի Երրորդ Ֆութպոլի Ակադեմիան

Շաբաթ, 29 հոկտեմբերին, Վանաձորի մէջ պաշտօնական հանդիսութեան մը ընթացքին Հայաստանի երրորդ ֆութպոլի ակադեմիային բացումը կատարուեցաւ` ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի: Ակադեմիան կառուցուեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի միացեալ ջանքերով: Անոր ծախսը գնահատուեցաւ 1 միլիառ 133 միլիոն դրամով, որուն 150 միլիոն 831 հազար դրամը տրամադրեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն, իսկ 982 միլիոն 169 հազար դրամը` Հայաստանի ֆութպոլի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Նահանջեց 6-րդ Դիրք

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը 2 դիրք նահանջեով գրաւեց 6-րդ դիրքը: Իսլահ Պըրժ Շիմալի 2-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Շապապ Արապիի, անկէ խլեց պարագլուխի դիրքը` 16 կէտով առանձնանալով առաջին դիրքին վրայ: ՀՄԸՄ 11 կէտով կը գրաւէ 6-րդ դիրքը: Ստորեւ` դասաւորման պատկերը.   ԿԷՏ 1.- Իսլահ Պըրժ Շիմալի 16 (16-9) 2.- Նասեր...

Լեւոն Ջուլֆալակեան Դժգոհ Է Հայաստանի Ախոյեանութեան Մասնակցողներուն Քանակէն

Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան Վանաձորի մէջ տեղի ունեցող Հայաստանի ախոյեանութեան մրցումներուն առաջին օրը, պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն, ըսաւ, որ դժգոհ է մասնակցող ըմբիշներուն քանակէն: Ան ըսաւ, որ 59 քկ դասակարգին մէջ երիտասարդ նոր դէմքերու ներկայութիւնը կը գնահատէ բաւական քաջալերական, սակայն, իր կարծիքով, 98 քկ դասակարգին մէջ կացութիւնը քիչ մը մտահոգիչ է: Ան նաեւ նշեց, որ...

Արազ Օզպիլիս Վիրաբուժութեան Ենթարկուեցաւ

Արազ Օզպիլիս (աջին) News.am-Sport կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պեշիքթաշի միջնապահ Արազ Օզպիլիս նախորդ շաբաթավերջին ենթարկուեցաւ ուսի վիրաբուժութեան: Թրքական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Օզպիլիս վիրաւորուեցաւ խումբին կատարած փորձերուն ընթացքին: Կը յայտնուի, որ 26 տարեկան միջնապահը կարիքը ունի 2 ամսուան ժամանակամիջոցի մը` ապաքինելու համար: Նշենք, որ այս տարի` յունուարին, Պեշիքթաշ Օզպիլիսի փոխանցման համար Սպարտակ Մոսկուային վճարեց...

«Էն. Պի. Էյ.». Օքլահոմա Յաղթեց. Ուեսթպրուք Նշանակեց 51 Կէտ

Ռասըլ Ուեսթպրուք (աջին) «էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան բազմաթիւ ճակատումներ: Ախոյեան Քլիվլենտ Քաւալիրզ, որ հիւրն էր Թորոնթօ Ռեփթըրզին, 94-91 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Օքլահոմա Սիթի երկարաձգումէն ետք 113-110 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Ֆէոնիքս Սանզին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Ռասըլ Ուեսթպրուք նշանակեց 51 կէտ: Թէեւ Նիւ Օրլինզ 122-114 արդիւնքով պարտուեցաւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզէն, բայց յաղթական կազմին...

Ռէալ Մատրիտ Երկարաձգեց Պէյլի Պայմանագրութիւնը

Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Ռէալ Մատրիտ յայտարարեց, որ երկարաձգած է իր ակումբի միջնապահ Կերըթ Պէյլի պայմանագրութիւնը: Կալեսցի 27 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը այժմ նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2022: Անոր նախորդ պայմանագրութիւնը պիտի աւարտէր 2019-ին: Նշենք, որ ան 2013-ին Թոթենհամէն միացաւ Ռէալ Մատրիտին:

Պասքեթպոլ .  Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Մրցաշարքին Թուականը Փոխուեցաւ

Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Պասքեթպոլի Մրցաշարք. Այսօր` ՀՄԸՄ – Նաժըմ Սահելի

Ռիատի Պէյրութ երէկ գրաւեց Ա. խմբակին պարագլուխի դիրքը, երբ Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` 12 կէտի տարբերութեամբ, 92-80 արդիւնքով (27-12, 24-21, 18-18 եւ 23-22) յաղթելով մարոքեան Ժամհիեթ Սալա խումբին: Գրաւելով Ա. խմբակին առաջին դիրքը` Ռիատի իր դէմ պիտի ունենայ Բ. խմբակին երկրորդ դիրքը գրաւող խումբը, որուն անունը կը յստականայ այսօր, երբ աւարտի ՀՄԸՄ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Նասեր Պար Էլիաս – ՀՄԸՄ` 3-0

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի բացման մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երկու հանդիպումներ: Առաջինին, որ տեղի ունեցաւ Սաֆայի դաշտին վրայ, Սաժես Շապապ Ղազիէէն կրեց տարեշրջանի իր 5-րդ պարտութիւնը` 4-1 արդիւնքով: Իսկ երկրորդին, որ տեղի ունեցաւ Պեքաայի Խիարայի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ 3-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Նասեր Պար Էլիասէն: Վերջինս, որ այժմ ունեցաւ 15 կէտ, ժամանակաւորապէս գրաւեց պարագլուխի դիրքը`...

Page 1049 of 1276 1 … 1,048 1,049 1,050 … 1,276

Արխիւներ