Մարզական

Եոաքիմ Լոյեւ Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւ իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց 2 տարիով: Այսպիսով, 42 տարեկան Լոյեւ մինչեւ 2020 պիտի մնայ Գերմանիոյ մարզիչ: Արդէն իսկ ան 10 տարիէ ի վեր խումբին մարզիչն է: Անոր հետ Գերմանիա տիրացաւ 2014-ի մոնտիալի տիտղոսին:

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը տուաւ շարք մը որոշումներ` քննարկելէ ետք իր օրակարգին վրայ գտնուող հարցերը: Հրապարակուեցաւ Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանին յայտագիրը, որուն Ա. հանգրուանը կը սկսի ուրբաթ, 4 նոյեմբերին: Իր անկարգապահ համակիրներուն պատճառով, Ախա Ահլի Ալէյ հինգ հարիւր հազար լիբանանեան ոսկի տուգանքի ենթարկուեցաւ: Նոյնը պատահեցաւ նաեւ Նըժմէի հետ: Երեքական մրցումով կախակայուեցան Ճօ Էսպեր (ՀՄԸՄ) եւ...

Լիբանանի Թենիսի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. Օլիվըր Ֆայսալ Հրապարակեց Իր Կազմը

PROFOTO Մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ Պէյրութի «Ֆոր Սիզընս» պանդոկին մէջ, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնի նախագահութեան թեկնածու Օլիվըր Ֆայսալ հրապարակեց իր կազմը` ֆետերասիոնի յառաջիկայ ընտրութիւններուն գծով: Այդ ցանկը կը բաղկանայ հետեւեալ անձերէն. Տեզիրէ Խալիֆէ (Սաֆրա Մարին), Միրնա Ապու Մրատ (Ժամհուր), Փաթրիք Մըխպաթ («Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»), Արեֆ Մարտինի (կոլֆ), Ալեն Սայեղ (Մոն լա Սալ), Նեպիլ Քըպայթեր (Փալմա), Ռիշար Հաժ...

«Եուրոփա Լիկ». Մխիթարեան Մանչեսթըր Եունայթըտի Հետ Մեկնեցաւ Թուրքիա

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան բազմաթիւ ճակատումներ: Ա. խմբակին մաս կազմող Մանչեսթըր Եունայթըտ, այսօր Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 20:00-ին պիտի մրցի թրքական Ֆեներպահչէի դէմ: ArmSport.am կը հաղորդէ, որ երէկ իր ակումբին հետ Թուրքիա մեկնեցաւ նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ ընդգրկուեցաւ խումբին նախնական ցանկին մէջ:

Ճատրակ. Լեւոն Արոնեան` 5-րդ Դիրքին Վրայ

ՖԻՏԷ-ի հրապարակած նոյեմբեր ամսուան ճատրակի միջազգային նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի յառաջատար, կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան կը գրաւէ 5-րդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով վարկանշային 2794 կէտ: Առաջին դիրքին վրայ է աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն (2853), իսկ անոր կը յաջորդէ Միացեալ Նահանգները ներկայացնող իտալացի Ֆապիանօ Քարուանա (2823): Լաւագոյն եռեակը կ՛ամբողջացնէ ֆրանսացի Մաքսիմ - Վաշիէ Լակրաւ (2811): Առաջին հարիւրին մէջ Հայաստան ունի...

Թրիաթլոն. Պոյաճեան Եւ Զըղպի Հանդիսացան Ախոյեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի Թրիաթլոնի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ բազմաթիւ մարզիկներու, որոնք կը ներկայացնէին տարբեր ակումբներ: Անոր ներկայ գտնուեցան Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի, Լիբանանի Թրիաթլոնի նախագահ Մահմուտ Տիպ եւ այլ պաշտօնական անձեր: Աղջկանց ախոյեան հանդիսացաւ Քարոլ Պոյաճեան (ՀՄՄ), որ արձանագրեց 1 ժամ 21' 05" արդիւնք մը, մինչ տղոց ախոյեան` Լիբանանեան բանակին մաս կազմող...

«Էն. Պի. Էյ.». Հարտեն Նշանակեց 41 Կէտ, Բայց Ռոքեթց Պարտուեցաւ Քաւալիրզէն

Ճէյմս Հարտեն (ձախին) «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած ճակատումներուն, բաւական զօրաւոր մրցումէ մը ետք աւարտեցաւ Քլիվլենտ Քաւալիրզ Հիուսթըն Ռոքեթց հանդիպումը ի նպաստ ախոյեան կազմին` Քաւալիրզի, 128-120 արդիւնքով: Թէեւ Ճէյմս Հարտեն նշանակեց 41 կէտ, բայց ատիկա բաւարար չեղաւ իր կազմը պարտութենէ մը փրկելու (տարեշրջանի երկրորդը): Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քիրի Ըրվինկ նշանակեց 32 կէտ: Իր կարգին, թէեւ...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.» Պատանիներու Լիկա. Նորիկ Մկրտչեան Մասնակցեցաւ Աթլեթիքօ Մատրիտի Դէմ Տեղի Ունեցած Մրցումին

News.Am-Sport հայկական լրատուական կայքը կը հաղորդէ, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պատանեկան լիկայի խմբային մրցաշարքի չորրորդ հանգրուանին, ռուսական Ռոսթով ֆութպոլի ակումբը, որ մրցեցաւ Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ, 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Ռուսական կազմին հետ ամբողջ մրցումին մասնակցեցաւ 17 տարեկան միջնապահ Նորիկ Մկրտչեան: Նշենք, որ Ռուսիոյ ֆութպոլի երիտասարդական ախոյեանութեան Մկրտչեան ցարդ մասնակցած է 2 մրցումի, իսկ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի...

Պարիի Համակիրները Գարեջուր Հիւրասիրեցին Փրօ Վերչելիի Միակ Համակիրին

Իտալիոյ ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան Պարի - Փրօ Վերչելի մրցումին, որ աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Պարիի յաղթանակով (2-0), հետաքրքրական դէպք մը տեղի ունեցած է: Թէեւ մրցումին ներկայ էին 14 հազար հանդիսատեսներ, սակայն անոնցմէ միայն մէկը Փրօ Վերչելիի համակիր էր: Կիսախաղի դադարին, Պարիի համակիրները գարեջուր հիւրասիրեցին իրենց հիւրին, որ ամբողջ մրցումին առանձինը մնացած էր:

Ակումբներու Դասաւորման Մէջ.  Հայաստան 3 Դիրքի Ոստում Արձանագրեց

«Չեմփիընզ Լիկ». Ռէալ Մատրիտ Եւ Եուվենթուս Հաւասարութիւններ Արձանագրեցին

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցան 8 ճակատումներ: Եուվենթուս, որ հիւրընկալեց Լիոնը, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր մրցակիցին հետ: Իր կարգին, Ռէալ Մատրիտ հաւասարութիւն մը արձանագրեց (3-3) իր դաշտէն դուրս: Սակայն Մոնաքօ, Պորուսիա Տորթմունտ եւ ուրիշներ յաղթանակներ արձանագրեցին: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Ե. ԽՄԲԱԿ   Մոնաքօ - Մոսկուայի Բանակայիններ 3-0 Թոթենհամ - Պայէր Լեւերքուզըն 0-1...

Միրոսլաւ Քլոզը Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Միրոսլաւ Քլոզը պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարելով եկաւ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին: 38 տարեկան Քլոզը ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Համպուրկի, Վերտըր Պրեմընի, Քայզըրսլաութըրնի, Պայէրն Միւնիխի եւ Լացիօ Ռոմայի հետ: Նշենք, որ ան կը հանդիսանայ մոնտիալներու պատմութեան լաւագոյն կոլսքորըրը: Գերմանիոյ ազգային խումբին մէջ անկէ աւելի մրցումներ կատարած է միայն Լոթար...

Ֆրանք Տը Պէօր Պաշտօնանկ Եղաւ

Իտալական Ինթեր Միլան ֆութպոլի ակումբին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ նախորդ օգոստոսին ակումբի մարզիչի պաշտօնը ստանձնած հոլանտացի Ֆրանք տը Պէօր պաշտօնանկ եղած է: Այս տարեշրջանին «Քալչիօ»-ի 11 մրցումի ընթացքին Ինթեր յաղթեց 4 անգամ, հաւասարութիւն արձանագրեց 2 անգամ, մինչ կրեց 5 պարտութիւն: Կը նշուի, որ Քրոթոնէի դէմ Ինթերի կատարելիք յաջորդ մրցումին, մարզիչի ժամանակաւոր պաշտօնակատարի պարտականութիւնները պիտի կատարէ Շթեֆանօ Վեքի: Իսկ «Լա Կազզեթա...

Ճատրակ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Հանդիսացաւ Երրորդ` Արագ Ճատրակի Ախոյեանութեան

Կազմակերպութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին կիրակի, 30 հոկտեմբերին, Ատապ Ուալ Ռիատա Քֆարշիմա ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի արագ ճատրակի ախոյեանութիւնը` մասնակցութեամբ հետեւեալ 16 ակումբներուն. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Անսար, Ֆրերներ, Լիբանանեան բանակ, Անիմասիոն, Թանմիէ, նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ակումբ, Ռիատի, Պէյրութի ճատրակի ակումբ, Քֆարշիմա, Ահլի Սայտա, Սանապել, Ռաֆահ, Խիյամ, Քայթուլի եւ Մաշարիհ: 7 ռաունտնոց այս մրցաշարքին ՀՄԸՄ Անթիլիասի ճատրակ խաղացողները եղան Ժիրայր Օգնայեան,...

ՀՄԸՄ- ԼԵՎԱՄ. Վարդգէս Էսքիպաշեանի Յիշատակին` Քրոս Քաունթրի` Այնճարի Մէջ

Տարեշրջանի առաջին մարզական մրցաշարքը պիտի ըլլայ քրոս քաունթրին, որ արդէն նախորդ տարեշրջանէն սկսած էր եւ պիտի շարունակուի Վարդգէս Էսքիպաշեանի յիշատակին` ՀՄԸՄ-ի ԼԵՎԱՄ-ին համար հայկական վարժարաններէ սերունդներ պատրաստելու իմաստով անոր տարիներու վաստակաշատ գործունէութեան առիթով: Վարդգէս Էսքիպաշեանի փափաքը լիուլի իրագործելու համար, սոյն մրցաշարքը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 6 նոյեմբեր 2016-ին, Այնճարի մէջ, հովանաւորութեամբ եւ գործակցութեամբ Այնճարի քաղաքապետութեան եւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի վարչութեան:...

Նախագահ Սարգսեան Ներկայ Գտնուեցաւ Նոր Մարզակառոյցի Բացման Հանդիսութեան

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայ գտնուեցաւ «Միւլթի Ուելնես կեդրոն» մարզական համալիրի բացման պաշտօնական հանդիսութեան: Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի, համալիրի սեփականատէր, Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեանի, համալիրի պատասխանատուներուն եւ հրաւիրեալներու հետ միասին, նախագահ Սարգսեան շրջագայեցաւ համալիրին մէջ, որ արդիական սարքաւորումներով օժտուած կառոյց մըն է:  

Արսէն Ջուլֆալակեան Եւ Մաքսիմ Մանուկեան` Իրանի Ակումբներու Ախոյեան

Հայաստանի հաւաքականէն 4 ըմբիշներ յաջող հանդէս եկան յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Իրանի ակումբներու ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին: Արսէն Ջուլֆալակեան (75 քկ) եւ Մաքսիմ Մանուկեան (85 քկ) Իրանի ախոյեան հռչակուեցան Մի Մերազինա ակումբին հետ, մինչ Ռոման Ամոյեան (59 քկ) եւ Վարշամ Բորանեան (71 քկ) Սինին Սանթի ակումբին հետ դարձան արծաթէ մետալակիր: Նշենք, որ առաջին եւ երկրորդ դիրքերը գրաւած խումբերը յառաջիկայ 8-9 դեկտեմբերին Պուտափեշթի...

Հենրիխ Մխիթարեան Մասնակցեցաւ Բարեգործական Ձեռնարկի Մը

Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան մասնակցեցաւ ակումբին բարեգործական հիմնադրամին («Մանչեսթըր Եունայթըտ Ֆաունտէյշըն») կազմակերպած ձեռնարկին: «Փոքրիկ հերոսներ, միշտ հաւատացէ՛ք եւ երբեք մի՛ յանձնուիք: Մի՛շտ ձեր օրը ըլլայ ուրախ եւ լաւ զգացումներով», այս առիթով ըսաւ Մխիթարեան:  

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա Պարտուեցաւ Անգլիոյ Մէջ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, երէկ գիշեր կատարուեցան ութ ճակատումներ: Պարսելոնա, որ հիւրն էր Մանչեսթըր Սիթիի, 3-1 արդիւնքով պարտուած հեռացաւ Անգլիայէն: Թէեւ Լիոնել Մեսսի 21-րդ վայրկեանին բացաւ մրցումին հաշիւը, սակայն անգլիական կազմը պատասխանեց երեք անգամ եւ պատճառ դարձաւ, որ Պարսա կրէ իր առաջին պարտութիւնը, յաջորդական երեք յաղթանակէ ետք: Ռոպերթ Լեվանտովսքիի նշանակած երկու կոլերուն շնորհիւ...

Եւրոպայի 17 Տարեկանէն Վար 2017-ի Ախոյեանութիւն. Հայաստան – Լեհաստան` 1-1

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի 17 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը, որ երէկ կատարեց Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար 2017-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին իր առաջին մրցումը, 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Լեհաստանի հետ: Թէեւ մրցակից կազմը 21-րդ վայրկեանին կոլ մը նշանակեց, սակայն 8 վայրկեան ետք Արսէն Եղիազարեան հաւասարեցուց արդիւնքը: Այս մրցումին հայրենի խումբը դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով. Նարեկ...

Մանչեսթըր Եունայթըտ Մտադիր Է Ձեռք Ձգել Սուարեզը

«Տոն Պալոն» կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ դժգոհ է խումբին ցուցադրած վերջին ելոյթներէն եւ արդիւնքներէն: Ան մտադիր է խումբին յարձակողականը զօրացնել քաթալոնական Պարսելոնայի ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարեզի միջոցով: Կը նշուի, որ անգլիական ակումբը «ֆութպոլի ոսկիէ կօշիկ»-ի տիտղոսակիրին առաջարկէ 150 միլիոն եւրօ: Եթէ Սուարեզի Եունայթըտ փոխանցումը իրականանայ, ապա ատիկա պիտի ըլլայ ֆութպոլի պատմութեան ամէնէն սուղ փոխանցումը: Նշենք, որ...

Page 1048 of 1276 1 … 1,047 1,048 1,049 … 1,276

Արխիւներ