
Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի միջազգային 26-րդ մրցաշարքի կիսաւարտականի ճակատումները տեղի ունեցան երէկ:
Առաջին մրցումը, որ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին եւ մարոքեան Ժամհիեթ Սալա խումբին միջեւ, աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով, որ երկարաձգումէն ետք 111-106 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը:
Մրցումին չորս քորթըրները աւարտեցան 100-100 հաւասարութեամբ (36-25, 20-27, 26-17 եւ 18-31): Երկարաձգումին, ՀՄԸՄ նշանակեց 11 կէտ, մինչ մրցակից կազմը` 6 կէտ:
ՀՄԸՄ-էն Տուայն Ճեքսըն նշանակեց 32 կէտ եւ 12 ռիպաունտ, Մայք Թէյլըր` 29 կէտ, Մաժոք Աթեր` 21 կէտ եւ 19 ռիպաունտ, Քարամ Մըշրեֆ` 10 կէտ եւ 8 ռիպաունտ եւ Նետիմ Հաուի` 8 կէտ: Մրցակից կազմէն Ապտել Հաքիմ Զուիթա նշանակեց 25 կէտ եւ 7 ռիպաունտ:
Նշենք, որ երէկուան այս մրցումին դաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած էին ՀՄԸՄ-ի համակիրները, որոնք ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ անդադար քաջալերեցին իրենց կազմը:
Շաբաթ օր ՀՄԸՄ այլ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 91-74 արդիւնքով (25-16, 19-10, 28-26 եւ 19-22) յաղթեց արաբական ակումբներու ախոյեան թունուզեան Նաժըմ Սահելիի:
Այս մրցումին, ՀՄԸՄ-էն Մայք Թէյլըր նշանակեց 40 կէտ, իսկ Տուայն Ճեքսըն` 14 կէտ:
Աւարտականին, ՀՄԸՄ դարձեալ իր դէմ պիտի ունենայ Նաժըմ Սահելին, որ երէկ կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց` մրցաշարքէն դուրս ձգելով Ռիատի Պէյրութը, արձանագրելով 92-74 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Նշենք, որ աւարտական այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, երեկոյեան ժամը 17:00-ին: