«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան եօթը հանդիպումներ:
Օքլահոմա Սիթիի մաս կազմող Ռասըլ Ուեսթպրուք հանդիսացաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան չորրորդ մարզիկը, որ կրկնակի թրիպըլ-տապըլ կ՛իրագործէ տարեշրջանի առաջին երեք խաղերուն ընթացքին:
Լոս Անճելըս Լէյքըրզի դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (113-96) ան նշանակեց 33 կէտ, 12 ռիպաունտ եւ 16 էսիսթ:
Վերջին անգամ տարեշրջանի առաջին երեք մրցումներուն կրկնակի թրիպըլ-տապըլ կատարած էր Լոս Անճելըս Լէյքըրզի մարզիկ Մեճիք Ճոնսըն` 34 տարի առաջ:
Սակայն երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց փոխախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի մարզիկ Քեւին Տիւրընթ (37)` Ֆէոնիքս Սանզի դէմ, իր կազմին արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (106-100):
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Եութա Ճեզ | 88-75 |
Ֆէոնիքս Սանզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ | 100-106 |
Մայեմի Հիթ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ | 99-106 |
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Միլուոքի Պաքս | 98-83 |
Օքլահոմա Սիթի – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ | 113-96 |
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ | 112-103 |
Հիուսթըն Ռոքեթց – Տալաս Մավըրիքս | 93-92 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Տենվըր Նակեթց
Պրուքլին Նեթց – Շիքակօ Պուլզ
Աթլանթա Հոքս – Սաքրամենթօ Քինկզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ