Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր` Եուվենթուս – Նափոլի

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, հետաքրքրական ճակատումներուն շարքին են Եուվենթուս - Նափոլի, Մարսէյ - Պորտօ եւ այլ մրցումներ: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` անոնց գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 10-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ՇԱԲԱԹ ԺԱՄ Սանտըրլենտ (20) - Արսենալ (2) 14:30 Մանչեսթըր Եունայթըտ (7) - Պըրնլի (14) 17:00 Միտըլզպորօ (17) - Պուրնըմաութ (10) 17:00 Թոթենհամ (5)...

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այսօր Կը Սկսի 2015-2016 Տարեշրջանը

Ֆութսալ. Այսօր` Ներքին Ապահովութեան Ուժեր – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 29 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Սատի դաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ բաւական կարեւոր մրցում մը, որուն ընթացքին իրարու դէմ յանդիման պիտի գան Ներքին ապահովութեան ուժերու խումբը եւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ: Մրցումը կարեւոր է այն իմաստով, որ երկու խումբերն ալ ունին 6-ական կէտ: Հետեւաբար, յաղթական կազմը, դասաւորման մէջ աւելի բարձր...

ԱԼՖԱ Պիտի Հովանաւորէ Լիբանանի Ֆութսալի Ախոյեանութիւնը

Լիբանանի ֆութսալի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի հովանաւոր ընկերութիւնը պիտի ըլլայ ԱԼՖԱ բջիջային հեռաձայնի ընկերութիւնը: Երկու կողմերուն միջեւ այս պայմանագրութիւնը կնքուեցաւ ԱԼՖԱ-ի կեդրոնատեղիին մէջ (Տըքուանէ)` ներկայութեամբ վերջինիս պատասխանատուներուն եւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարի:

Պասքեթպոլ. Ուրարտու Կրեց Իր 5-րդ Յաջորդական Պարտութիւնը

Ռուսիոյ պասքեթպոլի «գերլիկայի-1»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ Ուրարտու Երեւան կատարեց իր հինգերորդ մրցումը` ճակատելով Խիմքիի դէմ: Թէեւ գլխաւոր մարզիչ Տիգրան Կէօքճեանի կազմը յաջողեցաւ բաւական տպաւորիչ ներկայացում մը ունենալ, բայց եւ այնպէս չորս կէտի տարբերութեամբ միայն` 68-64 արդիւնքով պարտուեցաւ իր մրցակիցէն, յաջորդաբար 5-րդ մրցումն ըլլալով: Ուրարտուէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Արիզոնա Ռէյտ (19), մինչ 14-ական կէտ նշանակեցին Թոտ Օպրայըն, Թերի Սմիթ...

2018-ի Մոնտիալ.  Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Մալոյեան Եւ Յովսէփեան Լաւ Արդիւնքներ Կ՛արձանագրեն

Ռուսիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Ենիսէյ իր դաշտին վրայ 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սիպիրէն` երկարաձգման ընթացքին: Հակառակ իր կազմին կրած պարտութեան, 27 տարեկան հայրենի ֆութպոլիստ Արթուր Մանոյեան տպաւորիչ մրցում մը ներկայացուց եւ նշանակեց կոլ մը` 91-րդ վայրկեանին: Իսկ յաղթական կազմին մարզիկներէն 21 տարեկան միջնապահ Արայիկ Յովսէփեան, որ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին, 105-րդ վայրկեանին դարձաւ յաղթական կոլի փոխանցման...

«Էն. Պի. Էյ.».  Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

«Էն. Պի. Էյ.». Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան չորս ճակատումներ: Երէկուան մրցումներուն, ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տեմարքուս Քուսինա (37 կէտ), թէեւ անոր կազմը` Սաքրամենթօ Քինկզ, 102-94 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սան Անթոնիօ Սփըրզէն, իսկ Սփըրզի մարզիկներէն Քաուհի Լէոնարտ նշանակեց 30 կէտ: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Աթլանթա Հոքս - Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ 114-99 Շիքակօ Պուլզ - Պոսթըն Սելթիքս 105-99 Սաքրամենթօ...

Արժանթինի Խումբին Մէջ. Լավեցի Վերադարձաւ Եւ Փոխարինեց Վիրաւոր Տիպալան

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ յառաջապահ Էզեքուիել Լավեցի վերադարձաւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբ, յառաջիկայ ամիս Պրազիլի եւ Քոլոմպիոյ դէմ տեղի ունենալիք 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներուն մասնակցելու համար (Հարաւային Ամերիկայի գօտի), հակառակ անոր որ նախորդ յունիսէն ի վեր դաշտ չէ ներկայացած իր ակումբին` Հեպէյ Ֆորթիւնի հետ (Չինաստան): Արժանթինի կազմին մէջ ան պիտի փոխարինէ վիրաւոր Փաուլօ Տիպալան, որ նախորդ շաբաթավերջին Եուվենթուսի...

Լոնտոն-2012. 3 Ախոյեաններ Զրկուեցան Իրենց Ոսկի Մետալներէն

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն խթանիչ դեղերու գործածութեան նմուշները վերստուգելով յայտարարեց, որ 2012-ի Լոնտոնի ողիմպիական խաղերուն ութ մասնակիցներէն խլուեցան անոնց շահած մետալները: Երեք ոսկի մետալներէ զրկուեցան ծանրաբարձութեան երեք ախոյեաններ` Ղազախստանէն:

Վիրաւոր Մեթիու Շուրջ 3 Շաբաթ Պիտի Բացակայի Պարսելոնայէն

Պարսելոնայի յետսապահ Ժերեմի Մեթիու շուրջ 3 շաբաթ պիտի բացակայի դաշտերէն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով, յայտնեց քաթալոնական ակումբին կայքը: 32 տարեկան Մեթիու վիրաւորուեցաւ քանի մը օր առաջ, Էսփանիոլի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (Քաթալոնիոյ գերբաժակի մրցաշարք), որ աւարտեցաւ Պարսելոնայի պարտութեամբ (1-0):

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` Նասեր Պար Էլիաս – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 28 հոկտեմբերին տեղի կ՛ունենան 2 ճակատումներ: ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը այսօր կը մեկնի Պեքաա, ուր Խիարայի դաշտին վրայ հիւրը կ՛ըլլայ Նասեր Պար Էլիասի: Մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 15:30-ին: ՀՄԸՄ բոլոր խումբերուն դէմ պիտի ներկայանայ` առանց զանազանութիւն դնելու անոնց միջեւ: Էականը պայքարի ոգիով դաշտ ներկայանալն է, խմբային խաղարկութիւն կիրարկելը...

Պասքեթպոլ. Հուսամէտտին Հարիրիի Մրցաշարք. ՀՄԸՄ Յաղթեց Պիպլոսին (88-76) Եւ Ապահովեց Կիսաւարտականի Իր Տոմսը

Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերող ՀՄԸՄ երէկ հանդիսացաւ չորրորդ եւ վերջին խումբը, որ ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` յաղթելէ ետք Պիպլոսին, 88-76 արդիւնքով (28-23, 18-15, 24-10 եւ 18-18): Այժմ կը մնայ գիտնալ, թէ ո՛ր խումբերը պիտի գրաւեն Ա. եւ Բ. խմբակներուն դիրքերը (այսօր եւ վաղը): Նշենք, որ այս մրցումին Պիպլոս դաշտ ներկայացուց Սթիւըն Ռաունտըթրին (Նտուտի Իպիի փոխարէն),...

«Էն. Պի. Էյ.». Անթոնի Տէյվիս Նշանակեց 50 Կէտ, Բայց Նիւ Օրլինզ Պարտուեցաւ

Անթոնի Տէյվիս «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի 71-րդ ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան տասը մրցումներ: Նիւ Օրլինզին մաս կազմող Անթոնի Տէյվիս թէեւ ի նպաստ իր կազմին նշանակեց 50 կէտ, բայց անոր խումբը 5 կէտի տարբերութեամբ` 107-102 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Տենվըր Նակեթցէն: 40 կէտ նշանակելով իր կազմին` Թորոնթօ Ռեփթըրզի արձանագրած յաղթանակին մէջ իր կարեւոր դերը ունեցաւ Տեմար Տերոզան, Տիթրոյիթ...

Ըստ «Միրըր»-ի. Մխիթարեան Իր Ապագային Գծով Որոշումի Մը Յանգած Է

Անցնող քանի մը օրերուն շատ կ՛արծարծուի այն նիւթը, թէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան յառաջիկայ յունուարին պիտի հեռանայ իր ակումբէն` Մանչեսթըր Եունայթըտէն: Սակայն անգլիական «Միրըր» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ 27 տարեկան ֆութպոլիստը որոշեց մնալ «Կարմիր սատանաներուն» հետ եւ պայքարիլ խումբին մէջ իր հիմնական դիրքը ապահովելու համար: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, ան այդքան ալ մտահոգ չէ, որ դուրս կը մնայ...

Լիբանանի Թեքուանտոյի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. Հապիպ Զարիֆէ Ընտրուեցաւ Նախագահ

Ներկայութեամբ Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Նաժի Համմուտի, Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) տեղի ունեցան Լիբանանի թեքուանտոյի ֆետերասիոնի ընտրութիւնները` մասնակցութեամբ 31 ակումբներու ներկայացուցիչներուն: Այս ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած էին 12 անձեր` 9 աթոռի համար: Նկատի ունենալով, որ երկու անձեր իրենց առաջադրած թեկնածութիւնը յետս կոչեցին, ընտրութիւնները տեղի ունեցան 10 անձերու միջեւ: Հապիպ Զարիֆէ, Մարք Հարպ, Օմար Մասրի, Հիւսէյն Զաայթեր,...

Կարապետեան Ֆութպոլիստի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը Պիտի Շարունակէ Կիպրոսի Մէջ

Փիւնիկ Երեւանի եւ Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի նախկին միջնապահ Արթուր Եուզպաշեան, որ մաս կը կազմէ կիպրական Անակենիսի խումբին, իրեն խմբակից պիտի ունենայ բերդապահ Արտեոմ Կարապետեանը, կը յայտնէ News.am-Sport: 22 տարեկան բերդապահը նախորդ տարեշրջանին Ս. Փեթերսպուրկի կազմերէն Զվեզտայէն տեղափոխուած էր Միքա Երեւան: Անակենիսի, որ ելոյթ կ՛ունենայ Կիպրոսի բարձրագոյն դասակարգին մէջ, 8-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք այժմ մէկ կէտով միայն կը գրաւէ դասաւորման վերջին...

Անգլիոյ Ֆութպոլի Լիկայի Բաժակի Մրցաշարք Քառորդ Աւարտականի Մրցումներուն Վիճակաձգութիւնը

Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը հրապարակեց Անգլիոյ ֆութպոլի լիկայի բաժակի քառորդ աւարտականի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը, երբ ամբողջացան Դ. հանգրուանի վերջին քանի մը ճակատումները: Քառորդ աւարտականի մրցումները տեղի պիտի ունենան 28 նոյեմբերին: Ստորեւ` վիճակաձգութեան արդիւնքը (նշենք, որ ութ խումբերն ալ մաս կը կազմեն բարձրագոյն դասակարգին). Լիվըրփուլ - Լիծ Եունայթըտ Մանչեսթըր Եունայթըտ - Ուեսթ Համ Հալ Սիթի - Նիւքասըլ Արսենալ - Սաութհեմփթըն

Յարութիւն Գարինեան Պատրաստ Է Տեղափոխուելու Հայաստան

News.am-Sport կայքը կը հաղորդէ, որ գերմանական Օյսքիրխեն խումբի 18 տարեկան ֆութպոլիստ Յարութիւն Գարինեան պատրաստ է տեղափոխուելու Հայաստան եւ մաս կազմելու հայկական որեւէ ակումբի: Նշենք, որ ան ծնած է Գերմանիոյ մէջ եւ 6 տարեկանէն ֆութպոլ կը խաղայ: Ան նախապէս մաս կազմած է գերմանական Վիքթորիա Քէօլնի (2013-2014), Ֆորթունա Քէօլնի (2014-2015) եւ Մէօնշընկլատպախի (2015-2016): Այս տարեշրջանին սկիզբը ան միացաւ Օյսքիրխենի: Անոր հասակը 180...

Գէորգ Ղազարեան` Կոլի Հեղինակ

Փորթուգալի ֆութպոլի լիկայի բաժակի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Մարիթիմօ ապահովեց յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը` 3-1 արդիւնքով յաղթելէ ետք Իւնիաօ Մատէյրայի: 56-րդ վայրկեանին Մարիթիմոյի երրորդ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Գէորգ Ղազարեան: Նշենք, որ 28 տարեկան Ղազարեան հրաւիրուած է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքական` մասնակցելու համար Մոնթենեկրոյի դէմ տեղի ունենալիք մրցումին, որ կ՛իյնայ 2018-ի Մոնտիալի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին...

Փեքին-2008. 6 Մարզիկներէ Խլուեցան Անոնց Շահած Մետալները

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն, խթանիչ դեղերու նմուշները դարձեալ վերստուգելէ ետք, փաստեց, որ 2008-ի Փեքինի ողիմպիական խաղերուն 6 մարզիկներ գործածած են արգիլեալ դեղեր: Բնականաբար, անոնցմէ պիտի խլուին անոնց տիրացած մետալները: Այդ վեց մարզիկներն են` Էքաթերինա Վոլքովա (Ռուսիա, պրոնզ), Սոսլան Տիկիեւ (Ուզպեքիստան, արծաթ), Օլկա Քորոպքա (Ուքրանիա, արծաթ), Անասթասիա Նովիքովա (Պիելոռուսիա, արծաթ), Անտրէյ Ռիպաքով (Պիելոռուսիա, արծաթ) եւ Թայմուրազ Տիկիեւ (Ղազախստան, արծաթ): Նշենք, որ Միջազգային...

Ռէալ Մատրիտ Երկարաձգեց Վասքեսի Պայմանագրութիւնը

Ռէալ Մատրիտի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ ակումբը մինչեւ 2021 թուական երկարաձգեց սպանացի իր միջնապահին պայմանագրութիւնը: 25 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը այսպիսով երկարաձգուեցաւ մէկ տարիով: Արքայական ակումբը յայտնեց, որ անոր աշխատավարձը եւս զգալիօրէն բարձրացաւ, առանց սակայն այդ առնչութեամբ մանրամասնութիւններ հրապարակելու:

Page 1050 of 1276 1 … 1,049 1,050 1,051 … 1,276

Արխիւներ