Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Տիտղոսակիր` Մանարայի Մէջ

November 1, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

hmem_basket_103116

Հուսամէտտին Հարիրիի Անուան Պասքեթպոլի Մրցաշարք

 ՀՄԸՄ Տիրացաւ Տիտղոսին` Յաղթելէ Ետք Արաբական Աշխարհի Ախոյեան Նաժըմ Սահելիի

hmem_basket1_103116

Երէկ երեկոյեան Ռիատի Պէյրութի Մանարայի դաշտին վրայ աւարտեցաւ Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի միջազգային 26-րդ մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` ՀՄԸՄ-ի եւ թունուզեան Նաժըմ Սահելիի միջեւ:

Երկու կազմերը այս մրցաշարքին նախապէս իրարու դէմ յանդիման եկած էին, եւ ՀՄԸՄ արձանագրած էր 92-80 արդիւնքով յաղթանակ մը:

Երէկուան մրցումին եւս, ՀՄԸՄ իր գերակայութիւնը պահեց Արաբական աշխարհի ախոյեանին վրայ եւ դարձեալ արձանագրեց յաղթանակ մը, այս անգամ` 102-98 արդիւնքով (27-13, 29-29, 25-28 եւ 28-23):

Այսպիսով, ՀՄԸՄ, որ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը մասնակցէր այս մրցաշարքին, եկաւ տիրանալու անոր տիտղոսին` առիթ չտալով, որ անոր տիրանայ ոչ լիբանանեան խումբ մը:

Իր կատարած նախորդ մրցումներուն նման, ՀՄԸՄ դարձեալ ունեցաւ տպաւորիչ եւ սքանչելի ելոյթ մը:

Խումբին մարզիկներէն Մայք Թէյլըր, որ հանդիսացաւ մրցաշարքին լաւագոյն կոլսքորըրը (150 կէտով), երէկուան մրցումին նշանակեց 39 կէտ, 7 ռիպաունտ եւ 10 էսիսթ: Մաճոք Աթեր նշանակեց 32 կէտ եւ 10 ռիպաունտ, իսկ Նետիմ Սուէյտ` 12 կէտ: Իսկ մրցակից կազմէն Մաքրամ Պըն Ռամատան նշանակեց 40 կէտ եւ 16 ռիպաունտ:

Ինչ կը վերաբերի ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն, անոնք նախորդ մրցումներուն նման դաշտը ամբողջութեամբ լեցնելով, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ անընդհատ քաջալերեցին իրենց կազմը:

Աւարտական այս մրցումին ներկայ էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մուտթալեպ Հըննաուի, Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի, որ կը ներկայացնէր երեսփոխան Պահիա Հարիրին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան, Ռիատի Պէյրութի նախագահ Հիշամ Ժարուտի եւ ուրիշներ:

Մրցումին աւարտին, Ահմետ Հարիրի մրցաշարքին տիտղոսը յանձնեց ՀՄԸՄ-ի խմբապետ Սեւակ Քեթենճեանին:

hmem_basket2_103116

Նշենք, որ մրցումէն ետք տօնախմբութիւնները շարունակուեցան Պուրճ Համուտի հրապարակին շուրջ:

Կը շնորհաւորենք ՀՄԸՄ-ի մեծ ընտանիքը` այս փառաւոր յաղթանակին համար: ՀՄԸՄ այս մրցաշարքը աւարտեց սքանչելի ձեւով եւ առանց որեւէ պարտութեան:

 

Նախորդը

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը Կը Շնորհաւորէ Նորընտիր Նախագահ Միշել Աունը

Յաջորդը

Չինաստան 20 Միլիառ Տոլար Պիտի Ներդրէ Եգիպտոսի Նոր Մայրաքաղաքի Կառուցման Նախագիծին Մէջ

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.