Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Արսենալ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ռիվըր Փլէյթի հետ, հակառակ անոր որ վերջինս մրցումին ընթացքին 2-0 արդիւնքով կը յառաջանար:
Մրցումին 64-րդ վայրկեանին ուրուկուէյահայ յառաջապահ Խոաքին Պօղոսեան նշանակեց Արսենալի առաջին կոլը: Ան իր մասնակցութիւնը բերաւ ամբողջ մրցումին: Ան այսպիսով նշանակեց այս տարեշրջանի իր երկրորդ կոլը:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, այժմ Արսենալ 3 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 30-րդ եւ վերջին դիրքը: