
Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Լեւոն Ջուլֆալակեան Վանաձորի մէջ տեղի ունեցող Հայաստանի ախոյեանութեան մրցումներուն առաջին օրը, պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն, ըսաւ, որ դժգոհ է մասնակցող ըմբիշներուն քանակէն:
Ան ըսաւ, որ 59 քկ դասակարգին մէջ երիտասարդ նոր դէմքերու ներկայութիւնը կը գնահատէ բաւական քաջալերական, սակայն, իր կարծիքով, 98 քկ դասակարգին մէջ կացութիւնը քիչ մը մտահոգիչ է:
Ան նաեւ նշեց, որ ապագայի հաշուոյն հաւաքականի կազմը եւ որակը պահելը իրեն համար քիչ մը բարդ կը նկատէ ներկայ հանգրուանին:


