Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Վանաձորի ֆութպոլի ակադեմիային պաշտօնական բացումը:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան տուաւ մամլոյ ասուլիս մը` պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն:
Հայրապետեան ըսաւ. «Մեր համակիրները թոյլ չեն տար, որ մարզիչները աշխատին: Տակաւին խաղադաշտ չմտած կը պոռան` «Վարուժան Սուքիասեան, հեռացի՛ր», եւ այլ մարզիչի անուն կը կանչեն: Ատիկա շատ գէշ է: Ոչ ոք կը տեսնէ, թէ հաւաքականը ինչո՛ւ լաւ չի խաղար: 5-6 ֆութպոլիստ վնասուածք ունի, այդ պատճառով ալ շատ բնական է, որ մարզիչը ձախողի:
«Բոլորիս ալ փափաքն է, որ Հայաստանի հաւաքականը բոլորին յաղթէ, բայց ատիկա կարելի չէ: Մեր համակիրները հաւաքականի գլխուն փորձանք դարձած են: Երբ հաւաքականը վատ կը խաղայ, կը մեղադրեն ֆետերասիոնի նախագահը եւ մարզիչը:
«Իսկ ինչ կը վերաբերի Եուրա Մովսիսեանին եւ Ռոպերթ Արզումանեանին, ինչքան ալ մարզիչը ուզէ զանոնք ազգային խումբ հրաւիրել, ես ատոր արտօնութիւն պիտի չտամ:
«Այն ֆութպոլիստները, որոնք կը խախտեն Հայաստանի հաւաքականին կարգ ու կանոնը, վնաս կը հասցնեն մեր խումբին, չեն հրաւիրուիր:
«Եզրափակեմ, որ Հայաստանի հաւաքականը այսուհետեւ պիտի չվստահուի օտար մարզիչներու»: