
Իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ Ռէալ Մատրիտ յայտարարեց, որ երկարաձգած է իր ակումբի միջնապահ Կերըթ Պէյլի պայմանագրութիւնը:
Կալեսցի 27 տարեկան ֆութպոլիստին պայմանագրութիւնը այժմ նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2022: Անոր նախորդ պայմանագրութիւնը պիտի աւարտէր 2019-ին:
Նշենք, որ ան 2013-ին Թոթենհամէն միացաւ Ռէալ Մատրիտին:


