Ռիատի Պէյրութ երէկ գրաւեց Ա. խմբակին պարագլուխի դիրքը, երբ Հուսամէտտին Հարիրիի անուան պասքեթպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը` 12 կէտի տարբերութեամբ, 92-80 արդիւնքով (27-12, 24-21, 18-18 եւ 23-22) յաղթելով մարոքեան Ժամհիեթ Սալա խումբին:
Գրաւելով Ա. խմբակին առաջին դիրքը` Ռիատի իր դէմ պիտի ունենայ Բ. խմբակին երկրորդ դիրքը գրաւող խումբը, որուն անունը կը յստականայ այսօր, երբ աւարտի ՀՄԸՄ – Նաժըմ Սահելի Թունուզ մրցումը:
ՀՄԸՄ, որ ցարդ արձանագրած է երկու յաղթանակ, այսօր երեկոյեան ժամը 20:30-ին անպայման յաղթանակի մը պէտք ունի` գրաւելու համար Բ. խմբակին պարագլուխի դիրքը:
Երէկուան մրցումին Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ֆատի Խաթիպ (27), ապա` Ալի Հայտար (22), Տուարիք Սփենսըր (19) եւ Իսմայիլ Ահմետ (11), իսկ մարոքեան կազմէն Ապտել Ռահիմ Նաժահ նշանակեց 20 կէտ: