Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 29 հոկտեմբերին, Սատի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Ներքին ապահովութեան ուժեր – ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ մրցումը:
Հակառակ անոր որ ՀՄԸՄ Ա. կիսախաղին 2-1 արդիւնքով ուշացած էր, բայց մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի տղոց յաղթանակով` 6-4 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Վաչէ Ղուկասեան, Աւօ Տոնպուրեան, Սերժ Մելիքեան, Շանթ Պալեան (2 կոլ) եւ Աւիկ Յարութիւնեան:
Նշենք, որ այսպիսով ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ իր 3-րդ յաղթանակը արձանագրեց` ապահովելով իր 9-րդ կէտը (5 մրցումէ):