«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան չորս ճակատումներ:
Թորոնթօ Ռեփթըրզ 105-102 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Տենվըր Նակեթցի:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տեմար Տերոզա նշանակեց երէկուան մրցումներուն ամէնէն շատ կէտը (33):
Ինչ կը վերաբերի մնացեալ երեք ճակատումներուն, Շիքակօ Պուլզ, Աթլանթա Հոքս եւ Լոս Անճելըս Քլիփըրզ արձանագրեցին իրենց երրորդ յաղթանակները` բնականաբար առանց պարտութեան:
Նշենք, որ Քլիվլենտ Քաւալիրզ եւ Օքլահոմա Սիթի եւս արձանագրած են 3-ական յաղթանակ, մինչ Սան Անթոնիօ Սփըրզ միակ խումբն ըլլալով արձանագրած է չորս յաղթանակ: Իսկ Ֆէոնիքս Սանզ ցարդ միակն է, որ կրած է չորս պարտութիւն:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Տենվըր Նակեթց | 105-102 |
Պրուքլին Նեթց – Շիքակօ Պուլզ | 88-118 |
Աթլանթա Հոքս – Սաքրամենթօ Քինկզ | 106-95 |
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ | 116-98 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Հիուսթըն Ռոքեթց
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Օրլանտօ Մեճիք
Ինտիանա Փէյսըրզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Մայեմի Հիթ – Սաքրամենթօ Քինկզ
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Նիւ Եորք Նիքս
Նիւ Օրլինզ – Միլուոքի Պաքս
Մինեսոթա Վուլվզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Եութա Ճեզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ