Մարզական

Մխիթարեան. «Աշխատավարձը Ոչ Մէկ Դեր Ունէր, Ես Մ. Եունայթըտի Միացայ Ախոյեանութեան, Համակիրներուն Եւ Մարզիչին Համար»

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան ծաւալուն հարցազրոյց մը տուած է Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կայքին` անդրադառնալով ընդհանրապէս իր ասպարէզին: Ստորեւ` հատուածներ հարցազրոյցէն. - Արթուր Պետրոսեան (մարզիչ)  ինծի համար եղած է Հայաստանի հաւաքականի պատմութեան լաւագոյն խաղացողներէն մէկը, եթէ ոչ լաւագոյնը: Միշտ աջակցութիւն ստացած եմ անկէ: Անոր հետ աշխատելով` մեծ տպաւորութիւն ունիմ: Ան լաւ կը  հասկնայ ֆութպոլը, շատ մեծ գիտելիքներ ունի,...

2018 Մոնտիալ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները

Աւստրիա - Իրլանտա (Դ. խմբակ) 0-1 Վրաստան - Մոլտովա (Դ. խմբակ) 1-1 Կալես - Սերպիա (Դ. խմբակ) 1-1 Ալպանիա - Իսրայէլ (Է. խմբակ) 0-3 Լիխթնշթայն - Իտալիա (Է. խմբակ) 0-4 Սպանիա - Մակեդոնիա (Է. խմբակ) 4-0 Խրուաթիա - Իսլանտա (Թ. խմբակ) 2-0 Թուրքիա - Քոսովօ (Թ. խմբակ) 2-0 Ուքրանիա - Ֆինլանտա (Թ. խմբակ) 1-0 Պուլկարիա - Պիելոռուսիա (Ա. խմբակ) 1-0...

Քափելլօ. «Մարտավարութեան Առումով Իտալիա Միշտ Առաջ Եղած Է Գերմանիայէն»

Իտալացի անուանի մարզիչ Ֆապիօ Քափելլօ համեմատականներ ըրաւ իտալական եւ գերմանական ֆութպոլի մարտավարութիւններուն միջեւ: «Պատմականօրէն Իտալիա մարտավարութեան առումով միշտ առաջ եղած է գերմանական ֆութպոլէն: Իտալացի մասնագէտները աւելի լաւ կ՛ընկալեն մրցակիցին ուժեղ կողմերը եւ կը հակազդեն անոնց: Գերմանիա միշտ բարդ մրցակից է, երբ կը խաղայ իր լաւագոյն ֆութպոլը: Ամէն պարագայի, աշխարհի վերջին ախոյեանութեան մէջ գերմանացիներուն բախտը քիչ մը լաւ էր», ըսաւ ան...

Կրիզման Կրնայ Չմասնակցիլ Մատրիտի Տերպիին

Աթլեթիքօ Մատրիտի յառաջապահ Անթուան Կրիզման  կրնայ չմասնակցիլ «Լա լիկա»-ի 12-րդ հանգրուանի` Ռէալ Մատրիտի դէմ մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ 19 նոյեմբերին: Ֆրանսացի ֆութպոլիստը վիրաւորուած է Ֆրանսա - Շուէտ (2-1) մրցումին ընթացքին: Աթլեթիքօ Մատրիտի մէջ անցկութեամբ կը սպասեն բժշկական քննութիւններու արդիւնքներուն:

Նշմար.  Քիփլինկեան Յաղթանակ

Նշմար. Քիփլինկեան Յաղթանակ

ԹՈՐԳՈՄ Հայաստան-Մոնթենեկրօ ֆութպոլի մրցումին առաջին կիսախաղին, գրեթէ վայրկեանի մը մէջ երկու կոլ ստանալով, Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի գործը շատ բարդացաւ: Բոլորին համար անկարելի կը թուէր այլեւս նոյնիսկ հաւասարիլը: Թրիպիւններուն կէսը դատարկ էր: Խաղին ներկայ չեղող «համակիրները» անպայման մտածեցին. «Լաւ էր, չգացինք, գիտէինք...»: Սակայն ըստ երեւոյթին կիսախաղի դադարին մարզիչը այլ բան կը մտածէր. «Եթէ կրնաս պահել գլուխդ առանձին, Երբ խուճապի մէջ է...

2018 Մոնտիալ.  Հայկական Կամք, Հեքիաթային Աւարտ… Հայաստան – Մոնթենեկրօ  3-2

2018 Մոնտիալ. Հայկական Կամք, Հեքիաթային Աւարտ… Հայաստան – Մոնթենեկրօ 3-2

2018-ի մոնտիալի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, երէկ  Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալելով խմբակի առաջին դիրքը գրաւող Մոնթենեկրոն, 3-2 արդիւնքով յաղթեց, երբ առաջին կիսախաղը աւարտած էր ի նպաստ հիւրերուն, որոնք Հայաստանի յետսապահներու սխալներէն օգտուելով երկու վայրկեանի մէջ 2 կոլ նշանակած էին: Սակայն երկրորդ կիսախաղին Հայաստանի ազգային հաւաքականը դաշտ ներկայացաւ տարբեր հաշիւներով, որոնք հիւրերուն...

Մարզական Խաղեր Եւ Թրամփ

Մարզական Խաղեր Եւ Թրամփ

- Զիս ընտրեցիք, ե՞ս որ մէկը ընտրեմ: Տանըլտ Թրամփի Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրութեամբ, նաեւ հետաքրքրուեցան եւ մեկնաբանութիւններ ըրին մարզական շրջանակներ: Մարզական լրատու կայքերու, ընկերային ցանցերու եւ պատկերասփիւռային հաղորդումներու գլխաւոր հերոսը հանդիսացաւ նորընտիր նախագահը, որ ըստ երեւոյթին մարզիկ չէ, բայց մարզասէր է... Դիտելով քանի մը նկարներ, միասնաբար ենթադրենք... - Այս մարմինը ես ունենայի՜, թշնամիները լռեցնէի: - Հեռուէն, 3 կէտով հարուածել թշնամիները:...

Ռոնալտօ` Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Չեմփիընզ լիկի բաժակակիր Ռէալ Մատրիտի եւ Եւրօ-2016-ի ախոյեան Փորթուգալի հաւաքականի աստղ Քրիստիանօ Ռոնալտօ  տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի կոչումին արժանացաւ «Կոլ.քոմ»-ի կողմէ:  Պարսելոնայի եւ Արժանթինի հաւաքականի աստղը` Մեսսի չորրորդ դիրքը գրաւեց: Երկրորդ դիրքին վրայ է Պարսելոնայի ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ, իսկ երրորդ դիրքին վրայ Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ Ֆրանսայի հաւաքականի յառաջապահ Անթուան Կրիզման: Ռէալ Մատրիտի կալեսցի միջնապահ Կարեթ Պէյլ գրաւեց հինգերորդ դիրքը: Տասնեակին...

Շալանտ. «Մխիթարեան Շատ Կարեւոր Ֆութպոլիստ Կը Դառնայ Մանչեսթըր Եունայթըտի Համար»

Հայաստանի Ֆութպոլի հաւաքականի նախկին մարզիչ, զուիցերիացի մասնագէտ  Պեռնար Շալանտ, որ երէկուան Հայաստան-Մոնթենեկրօ մրցումին ներկայ էր, խաղէն առաջ լրագրողներուն  հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ. «Կը խորհիմ, որ իմ ընկերս` Արթուր Պետրոսեան, շատ լաւ առիթ ունի: Մոնթենեկրոյի հետ խաղը լաւ քննութիւն կ՛ըլլայ Հայաստանի հաւաքականին համար, որովհետեւ  Մոնթենեկրօ կը գլխաւորէ խմբակը: Լաւագոյնը կը մաղթեմ Հայաստանի հաւաքականին, իմ սրտիս մէջ ես հայ եմ: «Շատ լաւ...

Րաֆֆի Քատեան Լիբանանի Ներկայացուցիչը` Պանքոքի Մէջ

12-21 նոյեմբերին Պանքոքի մէջ (Թայլանտ) տեղի պիտի ունենայ ՖԻՊԱ-ի պասքեթպոլի Ասիոյ 18 տարեկանէն վար աղջկանց ախոյեանութիւնը: ՖԻՊԱ-ի որոշումով այդ մրցումներուն հսկելու նպատակով նշանակուեցան շարք մը անձեր, որոնք իրենց փորձառութեամբ միշտ ալ տիրական ներկայութիւն եղած են եւ արդար` իրենց տուած որոշումներուն մէջ: Երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Պանքոք մեկնեցաւ նաեւ Րաֆֆի Քատեան, որ այդտեղ պիտի ըլլայ Լիբանանի ներկայացուցիչը այդ ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին:

Հենրիխ Մխիթարեան Դարձաւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Բարի Կամքի Դեսպան

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան դարձաւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի բարի կամքի դեսպան: Պաշտօնական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, ներկայութեամբ` ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հայաստանեան ներկայացուցիչ Թանիա Ռատոչայի: Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն` Մխիթարեան ըսաւ. «Ուրախ եմ այս ձեռնարկին համար: Վստահ եմ, որ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հետ կրնանք երեխաներուն կողքին ըլլալ: Հայաստան այն եզակի երկիրներէն է, որ արդէն իսկ երեխաներուն կողքին է: «ԵՈՒՆԻՍԵՖ»-ի հետ...

2018-ի Մոնտիալ. Այսօր` Հայաստան – Մոնթենեկրօ

2018-ի մոնտիալի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 11 նոյեմբերին, ժամը 19:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Մոնթենեկրոն: Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը, որ մաս կը կազմէ Եւրոպայի ցամաքամասին Ե. խմբակին, ցարդ իր կատարած երեք մրցումներուն ալ պարտութիւն կրած է: Հետեւաբար, այս իրողութենէն մեկնելով, այսօր պէտք է անպայման յաղթանակ մը արձանագրել: Հայաստանի...

Ճատրակ. Ախոյեանութեան Մրցումը Առաջին Անգամ Ըլլալով Առանց ՖԻՏԷ-ի Նախագահին

Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻՏԷ) նախագահը ներկայ պիտի չըլլայ աշխարհի ախոյեանի կոչումին համար ախոյեանութեան բացման: Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները այցագիր չեն տրամադրած ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրսան Իլիումժինովին, որ նոյեմբեր 2015-էն ի վեր ընդգրկուած է ցանկին մէջ այն անձերուն, որոնց Միացեալ Նահանգներ մուտքը արգիլուած է: 11-30 նոյեմբերին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան, աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն...

Սամպօ. Հայաստան 13 Մարզիկով Կը Մասնակցի Աշխարհի Ախոյեանութեան

11-13 նոյեմբերին Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի կ՛ունենայ աշխարհի սամպոյի ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` 13 մարզիկով: Ստորեւ` հաւաքականին կազմը. ՏՂԱՔ.- Տիգրան Կիրակոսեան (52 քկ), Մաքսիմ Մանուկեան (57 քկ), Յովհաննէս Ալեքսանեան (62 քկ), Ռաֆիկ Մանուկեան (68 քկ), Դաւիթ Գրիգորեան (82 քկ), Էդիկ Պետրոսեան (90 քկ), Մխիթար Մխիթարեան (57 քկ), Էռնեսթ Հայրապետեան (62 քկ), Վաչիկ Վարդանեան (68 քկ)...

Եուրօ-2017. Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Պարտուեցաւ Զուիցերիայէն (4-0)

Երէկ Երեւանի մէջ սկսան Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար Եուրօ-2017-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան Է. խմբակին մրցումները: Հայաստան, որ այս խմբակին մրցումները կը հիւրընկալէ, իր կատարած առաջին մրցումին 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց իր մրցակիցէն` Զուիցերիայէն: Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Արամ Ոսկանեան:

Ռիօ-2016. Միշա Ալոնեան Կրնայ Զրկուիլ Իր Շահած Արծաթ Մետալէն

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի խթանիչ դեղերու գործածութեան դէմ պատիժներ տնօրինող յանձնախումբը կրնայ Ռուսիան ներկայացնող Միշա Ալոնեանը զրկել 2016-ի Ռիոյի ողիմպիականին անոր տիրացած արծաթ մետալէն: Անոր արեան քննութիւնները տուած են դրական արդիւնքներ` նկատի ունենալով, որ ան օգտագործած է արգիլեալ դեղեր: Ալոնեանի մարզիչ Էդուարդ Քրաւցով ըսաւ, որ ան գործածած է դեղ մը, որ կաթիլներով կը դնէր իր քիթին մէջ: Սակայն Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն...

«Էն. Պի. Էյ.». Պաթլըր Նշանակեց 39 Կէտ, Բայց Պուլզ Պարտուեցաւ

Ճիմի Պաթլըր «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած 11 մրցումներուն մէջ Ինտիանա Փէյսըրզ - Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ մրցումը միակն ըլլալով աւարտեցաւ երկարաձգումէն ետք, ի նպաստ առաջինին` 122-115 արդիւնքով: Օքլահոմայի մէջ, Սիթի 112-102 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Թորոնթօ Ռեփթըրզէն: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տեմար Տերոզա նշանակեց 37 կէտ, մինչ Ռասըլ Ուեսթպրուք (Օքլահոմա)` 36 կէտ: Իր կարգին, Զախ Լավին...

Յաջորդաբար Չորրորդ Տարին Ըլլալով. Պէյլ` Կալեսի Տարուան Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Կերըթ Պէյլ յաջորդաբար չորրորդ տարին ըլլալով ճանչցուեցաւ իբրեւ Կալեսի տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստը: Նշենք, որ 27 տարեկան ֆութպոլիստը 2016-ին իր ակումբին հետ տիրացաւ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի տիտղոսին, իսկ իր երկրի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով ֆութպոլի ազգային խումբին հետ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ընթացքին հասաւ կիսաւարտականին:

2018-ի Մոնտիալ. Նէօյըր Բացակայ` Գերմանիոյ Կազմէն

Եւրոպայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, այսօր Գ. խմբակին մաս կազմող Գերմանիա զտումի մրցում մը ունի կատարելիք Սան Մարինոյի դէմ` վերջինիս դաշտին վրայ: Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ այս մրցումին պիտի չմասնակցին բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր եւ միջնապահ Ժիւլիան Պրենթ: Գերմանիոյ մարզիչ Եոաքիմ Լոյեւ վերոնշեալ երկու մարզիկներէն բացի իր կազմին մէջ ունի այլ բացականեր ալ`...

Պերլուսքոնի Պիտի Դառնայ Ա. Սէ. Միլանի Պատուոյ Նախագահ

Պերլուսքոնի Պիտի Դառնայ Ա. Սէ. Միլանի Պատուոյ Նախագահ

«Ֆութպոլ Իթալիա» կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ նախկին վարչապետ եւ Ա. Սէ. Միլանի սեփականատէր Սիլվիօ Պերլուսքոնի ակումբին վաճառուելէն ետք պիտի դառնայ անոր պատուոյ նախագահը: Չինական «Սինօ-Եուրոփ Սփորթց» ընկերութիւնը Ա. Սէ. Միլանի բաժնետոմսերը գնելու գործարքը պիտի աւարտէ մինչեւ 2016-ի վերջը: Բոլորին ալ ծանօթ է, որ ակումբէն պիտի հեռանան Պարպարա Պերլուսքոնի եւ Ատրիանօ Կալիանի: Ակումբի գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Մարքօ Ֆազոնէ: Յայտնենք,...

Page 1044 of 1276 1 … 1,043 1,044 1,045 … 1,276

Արխիւներ