
Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի խթանիչ դեղերու գործածութեան դէմ պատիժներ տնօրինող յանձնախումբը կրնայ Ռուսիան ներկայացնող Միշա Ալոնեանը զրկել 2016-ի Ռիոյի ողիմպիականին անոր տիրացած արծաթ մետալէն:
Անոր արեան քննութիւնները տուած են դրական արդիւնքներ` նկատի ունենալով, որ ան օգտագործած է արգիլեալ դեղեր:
Ալոնեանի մարզիչ Էդուարդ Քրաւցով ըսաւ, որ ան գործածած է դեղ մը, որ կաթիլներով կը դնէր իր քիթին մէջ:
Սակայն Միջազգային ողիմպիական կոմիտէն կը շեշտէ, որ բուժումի նպատակով գործածուող որեւէ դեղահատի կամ կաթիլի մասին ինք պէտք է տեղեակ ըլլայ, ինչ որ Ալոնեանի պարագային ռուսերը չեն կատարած:
Կ՛ակնկալուի, որ այս առնչութեամբ պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարուի եւ Ալոնեան զրկուի փոխախոյեանի իր տիտղոսէն:


