
«Ֆութպոլ Իթալիա» կը հաղորդէ, որ Իտալիոյ նախկին վարչապետ եւ Ա. Սէ. Միլանի սեփականատէր Սիլվիօ Պերլուսքոնի ակումբին վաճառուելէն ետք պիտի դառնայ անոր պատուոյ նախագահը:
Չինական «Սինօ-Եուրոփ Սփորթց» ընկերութիւնը Ա. Սէ. Միլանի բաժնետոմսերը գնելու գործարքը պիտի աւարտէ մինչեւ 2016-ի վերջը:
Բոլորին ալ ծանօթ է, որ ակումբէն պիտի հեռանան Պարպարա Պերլուսքոնի եւ Ատրիանօ Կալիանի:
Ակումբի գլխաւոր տնօրէնի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Մարքօ Ֆազոնէ:
Յայտնենք, որ Պերլուսքոնի Ա. Սէ. Միլանի սեփականատէրը դարձաւ 1986-ին, երբ անիկա սնանկանալու սեմին հասած էր:


