ԹՈՐԳՈՄ
Հայաստան-Մոնթենեկրօ ֆութպոլի մրցումին առաջին կիսախաղին, գրեթէ վայրկեանի մը մէջ երկու կոլ ստանալով, Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի գործը շատ բարդացաւ: Բոլորին համար անկարելի կը թուէր այլեւս նոյնիսկ հաւասարիլը:
Թրիպիւններուն կէսը դատարկ էր: Խաղին ներկայ չեղող «համակիրները» անպայման մտածեցին. «Լաւ էր, չգացինք, գիտէինք…»:
Սակայն ըստ երեւոյթին կիսախաղի դադարին մարզիչը այլ բան կը մտածէր.
«Եթէ կրնաս պահել գլուխդ առանձին,
Երբ խուճապի մէջ է չորս դիդ ամէն մարդ,
Եթէ կրնաս վստահ ըլլալ քու անձին,
Երբ ուրիշներ կը կասկածին քու վրադ,
…….
Եթէ կրնաս սիրտ ու ջիղեր ու մկան
Մաշումէն ետք նորէն լարել անդադար
Եւ դիմանալ, երբ մեռած է ամէն բան,
Բացի կամքէն, որ կը մնայ մէջդ վառ….»:*
Մարզիչը արթնցուց մարզիկներուն մէջ այդ ոգին, եւ անոնք երկրորդ կիսախաղին գործեցին հրաշքը, որ անշուշտ ընդհանրապէս մեր պատմութեան մէջ նորութիւն չէ:
* Քիփլինկ, թարգ. Մ. Իշխան