
Երէկ Երեւանի մէջ սկսան Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար Եուրօ-2017-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան Է. խմբակին մրցումները:
Հայաստան, որ այս խմբակին մրցումները կը հիւրընկալէ, իր կատարած առաջին մրցումին 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց իր մրցակիցէն` Զուիցերիայէն:
Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Արամ Ոսկանեան:


