Հայաստանի Ֆութպոլի հաւաքականի նախկին մարզիչ, զուիցերիացի մասնագէտ Պեռնար Շալանտ, որ երէկուան Հայաստան-Մոնթենեկրօ մրցումին ներկայ էր, խաղէն առաջ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին ըսաւ.
«Կը խորհիմ, որ իմ ընկերս` Արթուր Պետրոսեան, շատ լաւ առիթ ունի: Մոնթենեկրոյի հետ խաղը լաւ քննութիւն կ՛ըլլայ Հայաստանի հաւաքականին համար, որովհետեւ Մոնթենեկրօ կը գլխաւորէ խմբակը: Լաւագոյնը կը մաղթեմ Հայաստանի հաւաքականին, իմ սրտիս մէջ ես հայ եմ:
«Շատ լաւ ժամանակ անցուցած եմ Երեւանի մէջ: Ցաւօք, այստեղ աշխատելու ժամանակ արդիւնքները բաւարար չէին, ես մարզիչ եմ եւ գիտեմ կանոնը. եթէ կը յաղթես, պէտք է մնաս, եթէ չես յաղթեր պէտք է երթաս: Ատիկա բնականոն է: Միշտ կը հետեւիմ Հայաստանի հաւաքականի խաղերուն: Կապի մեջ եմ ֆութպոլիստներուն հետ, Մխիթարեանի հետ: Խօսած եմ Արթուր Պետրոսեանի հետ»:
Շալանտ նաեւ խօսեցաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Հայաստանի հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մասին:
«Մխիթարեանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը լաւ չէ, բայց ես գիտեմ Մխիթարեանը, մենք գիտենք Մխիթարեանը: Ան մարզական լաւ վիճակին մէջ է եւ պատրաստ: Մխիթարեան կ՛ուզէ խաղալ, պէտք է խաղայ: Ան կրնայ այսօր (երէկ) խաղալ եւ ցոյց տալ, թէ ի՛նչ բանի ընդունակ է: Վստահ եմ` Մխիթարեան կրնայ շատ կարեւոր ֆութպոլիստ դառնալ իր խումբին համար: Ես մտահոգ չեմ Մանչեսթըր Եունայթըտի մէջ ստեղծուած իրավիճակէն: Հենրիխ արհեստավարժ է եւ պատրաստ է կռուելու խումբին համար: Ես ատիկա խնդիր չեմ նկատեր», ընդգծեց Շալանտ: