Իտալացի անուանի մարզիչ Ֆապիօ Քափելլօ համեմատականներ ըրաւ իտալական եւ գերմանական ֆութպոլի մարտավարութիւններուն միջեւ:
«Պատմականօրէն Իտալիա մարտավարութեան առումով միշտ առաջ եղած է գերմանական ֆութպոլէն: Իտալացի մասնագէտները աւելի լաւ կ՛ընկալեն մրցակիցին ուժեղ կողմերը եւ կը հակազդեն անոնց:
Գերմանիա միշտ բարդ մրցակից է, երբ կը խաղայ իր լաւագոյն ֆութպոլը: Ամէն պարագայի, աշխարհի վերջին ախոյեանութեան մէջ գերմանացիներուն բախտը քիչ մը լաւ էր», ըսաւ ան հարցազրոյցի մը մէջ: