Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին (ՖԻՏԷ) նախագահը ներկայ պիտի չըլլայ աշխարհի ախոյեանի կոչումին համար ախոյեանութեան բացման:
Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները այցագիր չեն տրամադրած ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրսան Իլիումժինովին, որ նոյեմբեր 2015-էն ի վեր ընդգրկուած է ցանկին մէջ այն անձերուն, որոնց Միացեալ Նահանգներ մուտքը արգիլուած է:
11-30 նոյեմբերին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունենալիք այս ախոյեանութեան, աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն պիտի փորձէ իր տիտղոսը պաշտպանել ռուս Սերկէյ Քարժաքինի դէմ: