12-21 նոյեմբերին Պանքոքի մէջ (Թայլանտ) տեղի պիտի ունենայ ՖԻՊԱ-ի պասքեթպոլի Ասիոյ 18 տարեկանէն վար աղջկանց ախոյեանութիւնը:
ՖԻՊԱ-ի որոշումով այդ մրցումներուն հսկելու նպատակով նշանակուեցան շարք մը անձեր, որոնք իրենց փորձառութեամբ միշտ ալ տիրական ներկայութիւն եղած են եւ արդար` իրենց տուած որոշումներուն մէջ:
Երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Պանքոք մեկնեցաւ նաեւ Րաֆֆի Քատեան, որ այդտեղ պիտի ըլլայ Լիբանանի ներկայացուցիչը այդ ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին: