Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մխիթարեան. «Աշխատավարձը Ոչ Մէկ Դեր Ունէր, Ես Մ. Եունայթըտի Միացայ Ախոյեանութեան, Համակիրներուն Եւ Մարզիչին Համար»

November 14, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

mekhitarian_111316

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան ծաւալուն հարցազրոյց մը տուած է Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի կայքին` անդրադառնալով ընդհանրապէս իր ասպարէզին: Ստորեւ` հատուածներ հարցազրոյցէն.

– Արթուր Պետրոսեան (մարզիչ)  ինծի համար եղած է Հայաստանի հաւաքականի պատմութեան լաւագոյն խաղացողներէն մէկը, եթէ ոչ լաւագոյնը: Միշտ աջակցութիւն ստացած եմ անկէ: Անոր հետ աշխատելով` մեծ տպաւորութիւն ունիմ: Ան լաւ կը  հասկնայ ֆութպոլը, շատ մեծ գիտելիքներ ունի, կը խորհիմ, որ միասին կրնանք յաջողութիւններու հասնիլ: Ան կրնայ հաւաքականին նոր բան տալ:

– Ես երեք յաջող մրցաշրջան անցուցի Գերմանիոյ մէջ, բայց ես կարելիութիւն ունեցայ փոխանցուելու աշխարհի ամէնէն ուժեղ ախոյեանութեան բարձրակարգ խումբերէն մէկը: Հայրս միշտ կը սորվեցնէր ինքզինքիս համար մարտահրաւէրներ սահմանել, եւ որպէսզի կարենայի շարունակել յառաջխաղացքը ասպարէզի ընթացքին, ես որոշեցի տեղափոխուիլ Մանչեսթըր Եունայթըտ, ուր կրնամ աճիլ իբրեւ ֆութպոլիստ եւ անհատականութիւն: Աշխատավարձը ոչ մէկ դեր կը խաղար, ես տեղափոխուեցայ միայն ֆութպոլային պատճառներով: Տեղափոխուեցայ ակումբի պատմութեան, ախոյեանութեան, համակիրներուն եւ  մարզիչին համար, որ աշխարհի լաւագոյններէն մէկն է:

– Միակ բանը, որ կը կարօտնամ, խաղային ժամանակն է, բայց վստահ եմ, որ շատ շուտով կը լրացնեմ այդ բացը: Ես կը շարունակեմ աշխատիլ, իսկ մնացեալը կու գայ ժամանակին հետ:

– Կը խորհիմ, որ Անգլիոյ մէջ խաղալով կրնամ դառնալ աւելի ուժեղ ֆութպոլիստ :

– Յուսախաբութիւններ չկան, միայն մարտահրաւէրներ են. ես երբեք կանգ չեմ առներ կամ յուսախաբ չեմ ըլլար, երբ արգելքներու կը հանդիպիմ ճամբուս վրայ: Ես ուղղակի կը շարունակեմ պայքարիլ` իմ նպատակիս հասնելու համար: Այսօր ես բաւարար չափով  խաղային ժամանակ չեմ ստանար` ուրեմն ես պէտք է ամէն ինչ ընեմ, որպէսզի մարզչական կազմը ինծի աւելի շատ խաղալու կարելիութիւն ընձեռէ: Ես վստահ եմ, որ կրնամ յաջողութիւն ունենալ Մանչեսթըր Եունայթըտի մէջ, եւ ես կ՛ուզեմ բոլորին ապացուցել, որ արժանի եմ այս խումբին եւ այս ախոյեանութեան մէջ առանցքային խաղացող ըլլալու:

– Ես միշտ կ՛ընեմ առաւելագոյնս` իմ երկիրս աշխարհով մէկ յայտնի դարձնելու համար, որպէսզի մարդիկ գիտնան անոր աշխարհագրական դիրքը եւ պատմութիւնը:

 

 

Նախորդը

2018 Մոնտիալ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները

Յաջորդը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ- Ահլի Սայտա` 4-2

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի «Նաւասարդեան» Խաղեր.  Այսօր Կը Սկսին Ֆութպոլի Մրցումները
Մարզական

ՀՄԸՄ-ի «Նաւասարդեան» Խաղեր. Այսօր Կը Սկսին Ֆութպոլի Մրցումները

October 17, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Արարատ Արմենիա Պարտուեցաւ Լեհաստանի Մէջ
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Արարատ Արմենիա Պարտուեցաւ Լեհաստանի Մէջ

October 17, 2026
Նիկիտա Սիմոնեանը` Մոռցուա՞ծ…
Մարզական

Նիկիտա Սիմոնեանը` Մոռցուա՞ծ…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.