Մարզական

Եւրոպայի 19 Տարեկանէն Վար Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը Ծանր Պարտութեամբ Աւարտեց Զտումի Մրցումները

Երէկ Երեւանի մէջ աւարտեցան Եւրոպայի 2017-ի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան Է. խմբակի մրցումները: Հայաստանի հաւաքականը զտումի այս մրցումները աւարտեց քիչ մը ծանր պարտութեամբ, երբ Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ 4-0 արդիւնքով տեղի տուաւ Հունգարիոյ դիմաց: Նշենք, որ պարտութիւնը Հայաստանի համար եղաւ յաջորդական երրորդը: 7 կէտով խմբակին պարագլուխի դիրքը գրաւեց Իտալիա, ապա յաջորդաբար երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը գրաւեցին Հունգարիա (6 կէտ) եւ...

«Էն. Պի. Էյ.». Ռոքեթց Յաղթեց. Հարտեն Նշանակեց 33 Կէտ

Ճէյմս Հարտեն (ձախին) «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան ութ մրցումներ: Բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատումէ մը ետք, Նիւ Օրլինզ միայն կէտի մը տարբերութեամբ` 106-105 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Պոսթըն Սելթիքսին: Անթոնի Տէյվիս (Օրլինզ) նշանակեց 25 կէտ, մինչ Իսաժահ Թոմաս (Սելթիքս)` 37 կէտ: Հիուսթըն Ռոքեթց քիչ մը ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզը, 115-88 արդիւնքով: Յաղթական...

40 Տարեկան Ապրէու Աշխարհի Նոր Մրցանիշ Մը Հաստատեց Փոխանցումներու Առումով

Ուրուկուէյցի յառաջապահ Ապրէու Ուաշինկթըն Սեպասթիան Կալօ փոխանցումներու աշխարհի նոր մրցանիշ մը հաստատեց` ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին իր 28-րդ ակումբը փոխելով: «Տէյլի Մէյլ»-էն քաղելով իր այս լուրը` ArmSport.am կը յայտնէ, որ 40 տարեկան ֆութպոլիստը իր 22 տարուան ասպարէզին ընթացքին մաս կազմած է 23 ակումբներու: Վերջին շրջանին ան մաս կազմած է չորս ակումբներու, իսկ այժմ Պանկ խումբին:

Նարեկ Բեգլարեան 7 Մրցումով Կախակայուեցաւ Ղազախստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Կողմէ

Sports.Kz կայքը կը հաղորդէ, որ Ղազախստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը 7 մրցումով կախակայեց Ժեթիսուի յառաջապահ Նարեկ Բեգլարեանը` նկատի ունենալով, որ Աքխայիքի դէմ տեղի ունեցած մրցումին ան վիրաւորական արտայայտութիւններ ունեցաւ մրցումին հսկող կարգ մը մարդոց հասցէին: 31 տարեկան Բեգլարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, 50-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:

Ռոնալտօ «Նայքի»-ի Հետ Պաշտօնապէս Ստորագրեց Ցմահ Պայմանագրութիւն Մը

  Ռէալ Մատրիտի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց «Նայքի» ընկերութեան հետ: Կը նշուի, թէ Ռոնալտօ, որ անժամկէտ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց ընկերութեան հետ, տարեկան պիտի ստանայ 24 միլիոն եւրօ: «Տը Սանտէյ Թայմզ» կը նշէ, որ Ռոնալտօ երրորդ մարզիկն է, որուն հետ Նայքի անժամկէտ պայմանագրութիւն մը կը ստորագրէ` Լեպրոն Ճէյմսէն եւ Մայքըլ Ճորտընէն ետք:

Ռամոս Պատրաստ Է Մատրիտեան Տերպիին

Այս շաբաթավերջին (19 նոյեմբեր) տեղի պիտի ունենայ «Լա լիկա»-ի գագաթի ճակատումներէն մէկը, երբ 12-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ Աթլեթիքօ Մատրիտ պիտի ճակատի ՌԷալ Մատրիտի դէմ: Ռէալ Մատրիտի յետսապահ Սերճիօ Ռամոս, բաւական ապաքինած ըլլալով եւ իր փորձերը լաւապէս կատարելով, պատրաստ կը թուի ըլլալ մատրիտեան այս տերպիին, կը տեղեկացնէ անոր ակումբը:

Տաւիտ Տէ Ժէայի Հրաժարագինը` 60 Միլիոն Եւրօ

«Մարքա» կը հաղորդէ, որ վերջապէս յստակացաւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի սպանացի բերդապահ Տաւիտ Տէ Ժէայի հրաժարագինը: 26 տարեկան բերդապահին պայմանագրութիւնը Մանչեսթըրի հետ նախատեսուած է մինչեւ 2019, իսկ անոր հրաժարագինը կը կազմէ 60 միլիոն եւրօ: Նշենք, որ այս տարեշրջանին ան «փրեմիեր լիկ»-ի 11 մրցումի մասնակցած է:

Մեսսի Չ՛աճապարեր Նոր Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրել

Թէեւ Պարսելոնա բանակցութիւններու մէջ է արժանթինցի իր յառաջապահին` Լիոնել Մեսսիի պայմանագրութիւնը երկարաձգելու նպատակով, բայց «Մարքա»-ի տեղեկութիւններուն համաձայն, Մեսսի չ՛աճապարեր նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրել` նախորդ յուլիսին կարգ մը կէտերու շուրջ համաձայն չըլլալուն պատճառով: Կը նշուի, որ Մեսսի իր ակումբէն կը պահանջէ տարեկան 50 միլիոն եւրօ աշխատավարձ: Նշենք, որ Պարսելոնայի հետ Մեսսիի գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2018-ին:

Ֆութպոլ. Այսօր` Յորդանան – Լիբանան Բարեկամական Մրցում

Ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Լիբանանի ազգային խումբը այսօր` երեքշաբթի, 15 նոյեմբերի ժամը 18:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), հիւրը պիտի ըլլայ Յորդանանի, վերջինիս դաշտին վրայ, Ամմանի մէջ: Երկու կազմերուն համար ալ այս մրցումը պիտի ըլլայ պատրաստութիւն` Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ տեղի ունենալիք Ասիա-2019-ի բաժակի մրցաշարքին, որուն վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ 18 յունուար 2017-ին: Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը Յորդանան մեկնեցաւ գլխաւորութեամբ Լիբանանի...

Լիբանանի Թրիաթլոնի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ. ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչ Պետիկ Լոճիկեան Մնաց Գանձապահ

Նախորդ շաբաթավերջին Մարզական աւանին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնին ընտրութիւնները, ներկայութեամբ` Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Նաժի Համմուտի, ինչպէս նաեւ ֆետերասիոնին անդամագրուած վեց ակումբներէն հինգին ներկայացուցիչներուն, ինչ որ ժողովը դարձուց օրինական: Մրցակից կազմի չգոյութեան պատճառով իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած եօթը անձերն ալ ինքնաբերաբար ընտրուած նկատուեցան նոր ֆետերասիոնի անդամ` յառաջիկայ չորս տարիներուն համար: ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Պետիկ Լոճիկեան մնաց գանձապահի իր...

Կռփամարտ. Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքականը Մեկնեցաւ Ս. Փեթերսպուրկ

17-27 նոյեմբերին Ռուսիոյ Ս. Փեթերսպուրկ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի կռփամարտի երիտասարդական ախոյեանութիւնը, կը յայտնէ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականը` գլխաւորութեամբ գլխաւոր մարզիչ Վազգէն Բադալեանի, երէկ մեկնեցաւ Ս. Փեթերսպուրկ: Նշենք, որ մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունեայ 17 նոյեմբերին: Ստորեւ` Ս. Փեթերսպուրկ մեկնած հայրենի կազմին մարզիկները. Արսէն Աբգարեան (49 քկ), Ժիրայր Սարգսեան (52 քկ), Վահէ Բադալեան (56...

Թեքուանտօ. Աշխարհի Կրտսերներու Ախոյեանութիւն. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Քանատա

Երէկ Պէյրութի միջազգային օդակայանէն Քանատա մեկնեցաւ լիբանանեան թեքուանտոյի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու 16-20 նոյեմբերին տեղի ունենալիք տղոց եւ աղջկանց կրտսերներու թեքուանտոյի աշխարհի ախոյեանութեան: Ստորեւ` Քանատա մեկնած լիբանանեան պատուիրակութիւնը. Կրանտմասթըր Պասեմ Ատ (պատուիրակութեան նախագահ), Մարք Հարպ (պատասխանատու), Քոզեթ Պասպուս, Ռալֆ Հարպ, Զիատ Ֆարաժ (մարզիչներ), Մարիպել Պու Հապիպ, Աննա Հատտատ, Լեթիսիա Աուն, Քլարա Տիպ, Նաթաշա Ատ (աղջիկներ), Շարպել Քիրպալոս, Համզա Ֆարաժ, Էլիաս...

Պասքեթպոլ. Արաբական Ախոյեանութիւն  Սաժես Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն… Կրելով Իր Երրորդ Պարտութիւնը

Պասքեթպոլ. Արաբական Ախոյեանութիւն Սաժես Դուրս Մնաց Մրցաշարքէն… Կրելով Իր Երրորդ Պարտութիւնը

Երէկուան մրցումէն Լիբանանեան Սաժես տղոց պասքեթպոլի խումբը բաւական ձախող արդիւնքներ արձանագրելով եւ կրելով իր երրորդ յաջորդական պարտութիւնը, դուրս մնաց Արաբական ակումբներու պասքեթպոլի ախոյեանութենէն: Իր կատարած առաջին մրցումին, Սաժես 79-75 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ֆաթըհէն (Սէուտական Արաբիա), հակառակ անոր որ Թերել Սթոկլին ի նպաստ Սաժեսի նշանակեց 41 կէտ: Երկրորդ մրցումին Սաժես այս անգամ պարտուեցաւ Սփորթինկէն (Եգիպտոս)` 101-93 արդիւնքով: Իսկ ինչ կը...

Արցախի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հերոս Ռոպերթ Աբաջեանի Նուիրուած Յուշամրցաշարք

Արցախի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Հերոս Ռոպերթ Աբաջեանի Նուիրուած Յուշամրցաշարք

Նախորդ շաբաթավերջին Ստեփանակերտի N-6 դպրոցի մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ «Արմֆայթինկ Սիլեքշըն-22» ընդհանուր մենամարտերու մրցաշարքը, որ նուիրուած էր Արցախի հերոս, «ոսկիէ արծիւ» շքանշանի ասպետ Ռոպերթ Աբաջեանի յիշատակին: Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութենէն եւ Հայաստանէն 26 մարզիկներ: Այս յուշամրցաշարքին ներկայ էր արհեստավարժ Արմֆայթինկի ընդհանուր մենամարտերու ֆետերասիոնի նախագահ, Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի խորհրդական Հայկ Ղազարեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ,...

«Ֆորմիւլա-1». Ախոյեանին Անունը Պիտի Յստականայ… Վերջին Կրան Փրիին

  Ֆելիփէ Մասսա Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած «Ֆորմիւլա-1»-ի 2016-ի աշխարհի ախոյեանութեան Պրազիլի կրան փրին (71 լեփ) աւարտեցաւ «Մերսետես»-ի անգլիացի վարորդ Լուիս Հեմիլթընի յաղթանակով: Վերջինս ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելով 3 ժամ 01' 01" արդիւնք մը: Անոր ետին 2-րդ դիրքը 11" ուշացումով գրաւեց անոր խմբակից Նիքօ Ռոզպըրկ, իսկ փոտիում բարձրացող երրորդ վարորդը հանդիսացաւ Մաքս Վերսթափեն («Ռետ-Պուլ»)` 21" ուշացումով: Տարեշրջանի աւարտէն մէկ կրան...

«Էն. Պի. Էյ.». Էնտրու – Ուիկինզ Նշանակեց 47 Կէտ` Լէյքըրզի Դէմ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան հինգ ճակատումներ: Մինեսոթա Վուլվզ 125-99 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Լոս Անճելըս Լէյքըրզին: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Էնտրու Ուիկինզ նշանակեց 47 կէտ: Օքլահոմայի մէջ, Սիթի երկու կէտի տարբերութեամբ` 119-117 արդիւնքով պարտուեցաւ Օրլանտօ Մեճիքէն: Հիւրընկալ խումբին մաս կազմող Ռասըլ Ուեսթպրուք նշանակեց 41 կէտ: Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզին մաս կազմող Սթեֆըն Քերի Ֆէոնիքս Սանզի դէմ իր...

Հռոմի Պապը Ընդունեց Գերմանիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Մարզիկները

Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբը, 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ Սան Մարինոյի դէմ իր արձանագրած յաղթանակէն ետք (8-0) հանդիպում մը ունեցաւ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին հետ: Աշխարհի գործող ախոյեանին մարզիկները իրենց ստորագրութիւններով մարզաշապիկ մը նուիրեցին սրբազան քահանայապետին: Հռոմի պապը ֆութպոլի սիրահար մըն է, արժանթինեան Սան Լորենցօ խումբին համակիրներէն: Նշենք, որ ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, այսօր Գերմանիա պիտի մրցի Իտալիոյ դէմ:...

Ռոպին Դարձեալ Վիրաւորուեցաւ

Հոլանտայի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Արժեն Ռոպեն որ վիրաւորուեցաւ Լիւքսամպուրկի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (2018-ի մոնտիալ), յայտնեց, որ իր ստացած վնասուածքը այդքան ալ վտանգաւոր չէ: Սակայն Պորուսիա Տորթմունտի դէմ տեղի ունենալիք «Պունտըսլիկա»-ի մրցումին (11-րդ հանգրուան) անոր մասնակցութիւնը կը մնայ հարցականի տակ: Նշենք, որ Պորուսիա Տորթմունտ - Պայէրն Միւինխ մրցումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 19 նոյեմբերին, ժամը 19:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Տորթմունտի...

Պէյրութի Մարաթոնը Միացուց Հազարաւորներ.  Հարիրի. «Լիբանանը Շատ Լաւ Վիճակի Մէջ Է»

Պէյրութի Մարաթոնը Միացուց Հազարաւորներ. Հարիրի. «Լիբանանը Շատ Լաւ Վիճակի Մէջ Է»

Երէկ առաւօտեան Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ  տարեկան բարեգործական մարզական ձեռնարկը` Մարաթոն Պէյրութը, աշխարհի զանազան երկիրներէ եւ Լիբանանէն հազարաւոր անձերու մասնակցութեամբ: Մարաթոնը, որ սկսաւ առաւօտեան ժամը 7:00-ին, կը ներառէր 11 մրցումներ` չափահասներու, կիներու, ուսանողներու, երեխաներու (ծնողներու ընկերակցութեամբ) եւ յատուկ կարիք ունեցող անհատներու: Անշուշտ մրցումներուն գագաթնակէտը միջազգայնօրէն ճշդուած եւ արտօնուած 42 քիլոմեթր վազքն էր, որ սկսաւ Պէյրութի նոր կառուցուած ծովեզերքէն եւ աւարտեցաւ...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ- Ահլի Սայտա` 4-2

Լիբանանի ֆութսալի երկրորդ դասակարգի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ- Ահլի Սայտա հետաքրքրական մրցումը, որուն առաջին կիսախաղին երկու խումբերը նշանակեցին մէկական կոլ: Սակայն երկրորդ կիսախաղին այլ պատկեր մը պարզուեցաւ: ՀՄԸՄ-ի մարզիկները երեք կոլեր նշանակելով շշմեցուցին մրցակիցը, որ միայն կոլ մը կրցաւ նշանակել այդ միջոցին: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կոլերը նշանակեցին Վաչէ Ղուկասեան, Անդրանիկ Կարապետեան, Սերժ Մելիքեան (2):...

Page 1043 of 1276 1 … 1,042 1,043 1,044 … 1,276

Արխիւներ