
– Զիս ընտրեցիք, ե՞ս որ մէկը ընտրեմ:
Տանըլտ Թրամփի Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրութեամբ, նաեւ հետաքրքրուեցան եւ մեկնաբանութիւններ ըրին մարզական շրջանակներ: Մարզական լրատու կայքերու, ընկերային ցանցերու եւ պատկերասփիւռային հաղորդումներու գլխաւոր հերոսը հանդիսացաւ նորընտիր նախագահը, որ ըստ երեւոյթին մարզիկ չէ, բայց մարզասէր է…
Դիտելով քանի մը նկարներ, միասնաբար ենթադրենք…

– Այս մարմինը ես ունենայի՜, թշնամիները լռեցնէի:

– Հեռուէն, 3 կէտով հարուածել թշնամիները:

– Առաջ աշխարհը աւելի Թայկըրը կը ճանչնար, քան զիս, բայց հիմա ո՞վ կը յիշէ կոլֆը:

– Ի՞նչ ընեմ, ես ալ մարզիկ չեղայ, գոնէ նախագահ եղայ…

– Այսքա՜ն գեղուհիներով շրջապատուած, ինչպէ՞ս մարզիկ ըլլայի…


