
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան դարձաւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի բարի կամքի դեսպան:
Պաշտօնական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ ֆութպոլի ակադեմիային մէջ, ներկայութեամբ` ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հայաստանեան ներկայացուցիչ Թանիա Ռատոչայի:
Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն` Մխիթարեան ըսաւ.
«Ուրախ եմ այս ձեռնարկին համար: Վստահ եմ, որ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հետ կրնանք երեխաներուն կողքին ըլլալ: Հայաստան այն եզակի երկիրներէն է, որ արդէն իսկ երեխաներուն կողքին է:
«ԵՈՒՆԻՍԵՖ»-ի հետ համագործակցութեանս հիմնական շեշտը պիտի ըլլայ կրթութեան մարզը: Շատ գործնական քայլերու պիտի դիմենք` իւրաքանչիւր երեխայի համար լաւ կարելիութիւն ստեղծելու համար»:
Ապա, Մխիթարեանին յանձնուեցաւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի գրութեամբ մարզաշապիկ մը եւ հայրենի ֆութպոլիստը պաշտօնապէս դարձաւ բարի կամքի դեսպան:


