Չեմփիընզ լիկի բաժակակիր Ռէալ Մատրիտի եւ Եւրօ-2016-ի ախոյեան Փորթուգալի հաւաքականի աստղ Քրիստիանօ Ռոնալտօ տարուան լաւագոյն ֆութպոլիստի կոչումին արժանացաւ «Կոլ.քոմ»-ի կողմէ: Պարսելոնայի եւ Արժանթինի հաւաքականի աստղը` Մեսսի չորրորդ դիրքը գրաւեց:
Երկրորդ դիրքին վրայ է Պարսելոնայի ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ, իսկ երրորդ դիրքին վրայ Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ Ֆրանսայի հաւաքականի յառաջապահ Անթուան Կրիզման: Ռէալ Մատրիտի կալեսցի միջնապահ Կարեթ Պէյլ գրաւեց հինգերորդ դիրքը:
Տասնեակին մէջն են նաեւ Պարսելոնայի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմար, Անգլիոյ ախոյեան Լեսթըրի ալճերիացի միջնապահ Ռիատ Մահրեզ, Պայերն Միւնիխի լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի, Եուվենթուսի արժանթինցի յառաջապահ Կոնզալօ Հիկուային եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի շուէտացի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ:
Հայաստանի հաւաքականի եւ Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան 36-րդն է աշխարհի մէջ: