Մարզական

Մանչեսթըր Սիթի Հետաքրքրուած` Քոքէով

«Մարքա» կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչ Եոսիփ Կուարտիոլա շատ մօտէն հետաքրքրուած է Աթլեթիքօ Մատրիտի միջնապահ Քոքէով: Նախորդ ամրան ընթացքին Կուարտիոլա փորձեց ձեռք ձգել անոր ստորագրութիւնը, բայց ձախողեցաւ: Նշենք, որ սպանացին, որուն հրաժարագինը կը կազմէ 150 միլիոն եւրօ, մինչեւ 2019 պայմանագրութիւն մը կնքած է իր կազմին հետ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Հուփս Կրեց Իր Չորրորդ Յաջորդական Պարտութիւնը

Քալվին Քէյճ (թիւ 1) PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ երեկոյեան Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ Հուփս հիւրընկալեց Մէյրուպան: Հիւրընկալ կազմը կրեց իր չորրորդ յաջորդական պարտութիւնը, երբ տասը կէտի տարբերութեամբ 82-72 արդիւնքով տեղի տուաւ իր հիւրին դիմաց (17-21, 37-35, 46-58 եւ 72-82): Մէյրուպա արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը: Կէտերու տարբերութիւնը բարձրացաւ երրորդ քորթըրի երկրորդ 5...

Հրաչեայ Ռոստոմեան Ներկայացուց 2016 Տարեշրջանի Մարզական Նուաճումները

Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Հրաչեայ Ռոստոմեան երէկ մամլոյ ասուլիս մը տալով ներկայացուց 2016 տարեշրջանի մարզական նուաճումները: Անդրադառնալով Ուրարտու պասքեթպոլի խումբին Ռուսիոյ «սուփըր-լիկա-1»-էն դուրս գալուն` ան ըսաւ, որ ատիկա այդքան ալ ժխտական երեւոյթ չի նկատեր: Նախարարին հաստատումով, մարզիկներուն աշխատավարձերը միայն 20 օր ուշացումով վճարուած են եւ ուրիշ ոչ մէկ հարց կայ այդ գծով: Ան ըսաւ, որ նախարարութիւնը իր ամէն կարելին...

Մեսսի Հանդիպեցաւ Աֆղան Տղեկին Հետ

Ֆութպոլի ցուցադրական մրցումի մը ընթացքին, Պարսելոնա նախանցեալ օր Քաթարի մէջ մրցում մը կատարեց Ահլի Ժետտայի հետ` 5-3 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով: Սակայն մրցումէն աւելի յատկանշական եղաւ Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի եւ աֆղան 6 տարեկան տղեկ Մուրթազա Ահմատիի հանդիպումը: Մուրթազայի լուսանկարը, որուն մէջ ան աղբի տոպրակով հագած էր մարզաշապիկի նմանողութեամբ ժիլէ մը` վրան Մեսսի գրուած, այս տարի մեծ տարածում գտաւ:...

Եանա Եգորեան` Ռուսիոյ 2016-Ի Լաւագոյն Մարզիկը

Ռուսիան ներկայացնող սուսերամարտիկ Եանա Եգորեան ճանչցուեցաւ Ռուսիոյ 2016-ի լաւագոյն մարզիկը, երէկ յայտնեց ռուսական մամուլը: Կը նշուի, որ ան այդ կոչումին արժանացած է «Ռուսիոյ հպարտութիւն» անուանակարգին մէջ: Նշենք, որ ան Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու կրկնակի ախոյեան է, ինչպէս նաեւ տիրացած է սուսերամարտի, անհատական եւ խմբային մրցումներու ոսկի մետալներու:

Օպլաք 3-էն 4 Ամիս Պիտի Բացակայի Դաշտերէն

Աթլեթիքօ Մատրիտի բերդապահ Եան Օպլաք, որ Վիարէալի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին (15-րդ հանգրուան) վիրաւորուեցաւ, վիրաբուժութեան մը պիտի ենթարկուի (ուսի): Յայտարարուեցաւ, որ վիրաբուժութեան ենթարկուելէ ետք, ան 3-էն 4 ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն: Նշենք, որ սլովենիացի բերդապահը, որ իր բերդին մէջ 15 մրցումի ընթացքին ստացաւ 13 կոլ, 7 մրցումէ ի վեր իր բերդը կը պահէր անառիկ:  

Ֆիֆա. Աշխարհի Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Վիքթոր Քասայ Փենալթի Մը Սուլեց… Տեսանիւթի Կրկնութիւնը Դիտելէ Ետք

ՖԻՖԱ-ին հովանաւորութիւնը վայելող աշխարհի ֆութպոլի ակումբներու ախոյեանութեան կիսաւարտականի առաջին ճակատումին, Քաշիմա Անթլերս 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Աթլեթիքօ Նասիոնալին, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Աւարտականին անիկա կը մրցի Ռէալ Մատրիտ - Ամերիքա մրցումին յաղթականին դէմ: Ուշագրաւ եղաւ այն, որ ՖԻՖԱ-ին կողմէ գործադրութեան դրուեցաւ եւ առաջին անգամ կիրարկուեցաւ նոր օրէնք մը: Օրուան կեդրոնի իրաւարարը` Վիքթոր Քասայ, մրցումը ընդհատեց 45 երկվայրկեանով` որոշելու համար, թէ...

Լոնտոն Չես Քլասիք. Արոնեանի Չորրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Լոնտոն Չես Քլասիքի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ճերմակ քարերով 20-րդ շարժումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց հոլանտացի Անիշ Կիրիի հետ: Արոնեան, որ այսպիսով արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը, այժմ ունի 5 կէտ: Ա. հանգրուանին Արոնեան յաղթեց անգլիացի Մայքըլ Ատամզին, որմէ ետք հաւասարութիւններ արձանագրեց ռուս Վլատիմիր Քրամնիքի, Ուեսլի Աոյի եւ ամերիկացի...

Չելսի Պիտի Չերկարաձգէ Թերիի Պայմանագրութիւնը

«Տը Թայմզ» կը հաղորդէ, որ Չելսի ակումբի յետսապահ Ճոն Թերիի պայմանագրութիւնը պիտի չերկարաձգէ: Կը նշուի, որ լոնտոնեան կազմը 36 տարեկան խմբապետին փոխարէն նոր յետսապահի մը փնտռտուքի աշխատանքին սկսած է: Թերի, որ 1998-էն ի վեր հանդէս կու գայ Չելսիի հետ, նախորդ մայիսին մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց խումբին հետ:

Լեվանտովսքիի Պայմանագրութիւնը Երկարաձգուեցաւ Մինչեւ 2021

Պաշտօնական յայտարարութեան մը մէջ, Գերմանիոյ ախոյեան Պայէրն Միւնիխ յայտարարեց, որ իր կազմի լեհ յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքիի պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 30 յունիս 2021: 28 տարեկան Լեվանտովսքի Պայէրնի միացաւ 2014-ին:

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզի 22-րդ Յաղթանակը

Անթոնի Տէյվիս «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուած մրցումներուն Արեւմտեան շրջանի պարագլուխի դիրքը գրաւող Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ արձանագրեց իր 22-րդ յաղթանակը, երբ 113-109 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Նիւ Օրլինզի դաշտէն: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Սթեֆըն Քերի նշանակեց 30 կէտ, մինչ Անթոնի Տէյվիս (Օրլինզ)` 28 կէտ: Ամէնէն շատ յաղթանակը արձանագրելէ անկախ, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ ամէնէն քիչ պարտութիւնը կրած է (4):...

Սպանիոյ Մէջ Ֆութպոլիստը Խոշտանգեց Իրաւարարը

Ֆութպոլի մրցումի մը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան սպանական երկու կազմեր` Միրալպուա Սարակոսա եւ Սան Խուան, տեղի ունեցաւ ոչ մարզավայել միջադէպ մը: 20-րդ վայրկեանին օրուան իրաւարարը հիւր կազմին երկու փենալթի շնորհեց (որոնք կոլի վերածուեցան), որմէ ետք Միրալպուայի մարզիկներէն մէկը ինքզինք չկարենալով զսպել խոշտանգեց օրուան 18 տարեկան իրաւարարը:

Թաու Լուի Լիբանանի Անկախութեան Տօնի Մրցաշարք

Լիբանանի Քոնկ ֆու ուու շուի ֆետերասիոնին կազմակերպած Թաու լուի 2016-2017 տարեշրջանի Լիբանանի Անկախութեան տօնի մրցաշարքը տեղի ունեցաւ կիրակի, 11 դեկտեմբեր 2016-ին, «Շապիպէ» մարզահամալիրին մէջ, մասնակցութեամբ լիբանանեան հետեւեալ ակումբներուն. Անթունիէ Պաապտա, Պել Հորիզոն, Սանթրալ Ժունիէ, Այնճար Ամիթի, Այնճարի սեւ գօտիներու միութիւն, «Էն. Տի. Էլ.» եւ Շապիպէ Քլապ (շուրջ 100 երկսեռ մարզիկներ): Այնճարի սեւ գօտիներու 18 մասնակցող մարզիկները այս մրցաշարքին արձանագրեցին պատուաբեր...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Ընտրութիւններ

Աքրամ Հալապի Հրապարակեց Իր Ցանկը Ինչպէս ծանօթ է, հինգշաբթի, 15 դեկտեմբերին, տեղի պիտի ունենան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընտրութիւնները: Թատամոն Զուքի նախկին պատուոյ նախագահ Աքրամ Հալապի, որ առաջադրեց իր թեկնածութիւնը, ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնին համար, նախորդ շաբաթավերջին հրապարակեց իր ցանկը, որ պայքար պիտի մղէ այս ընտրութիւններուն: Ստորեւ` անոր ցանկը. Թամմամ Ժարուտի, Նատեր Պասմէ, Էլի Ֆարհաթ, Ժորժ Սապունճեան, Ժան Հաշշաշ, Ֆուատ Սալիպա, Թոնի...

Աթլեթիքօ Մատրիտ Եւ Պենֆիքա Տուգանքի Ենթարկուեցան

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Հայաստանի 17 Եւ 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականներուն Մրցակիցները

Զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Եւրոպայի ֆութպոլի 17 եւ 19 տարեկանէն վար 2017-2018-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը: Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը ընդգրկուեցաւ Գ. խմբակին մէջ` իրեն մրցակից ունենալով Չեխիան, Թուրքիան եւ Իսրայէլը: Մրցումները կը սկսին 13 հոկտեմբեր 2017-ին: 52 հաւաքականները բաժնուած են 13 խմբակի: Առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը, ինչպէս նաեւ երրորդ դիրքը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Կրեց Իր Երկրորդ Պարտութիւնը Լուէյզիէն` 77-71 Արդիւնքով

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ, երբ Սանթրալի իր դաշտին վրայ Լուէյզի հիւրընկալեց Ռիատին: Ախոյեան Ռիատի կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը` 77-71 արդիւնքով (16-18, 38-33, 58-53 եւ 77-71): Լուէյզիի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Կերոն Ճոնսըն` 33 կէտ, մինչ անոր խմբակից Թրէյվիս Մաքկի` 19: Ռիատիէն Իպրահիմ Ահմետ նշանակեց 17 կէտ, իսկ Ժան-Ապտել Նուր` 16: Այսօր կը...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին ընթացքին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը: Անոնք տեղի պիտի ունենան այս շաբաթավերջին: Ստորեւ` յայտագիրը. ՈՒՐԲԱԹ, 16 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ    ԴԱՇՏ Ահլի Սայտա - Թրիփոլի 13:30 Սաֆա Թատամոն Սուր - Շապապ Սահել 13:30 Ահտ ՇԱԲԱԹ, 17 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ     Մապարրա - Ռասինկ 13:30 Սաֆա Սալամ Զղարթա - Նեպի Շիթ 13:30...

2019-ի Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Պասքեթպոլի Հաւաքականի Մրցակիցները

Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ 2019-ի պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան, ինչպէս նաեւ` 2017-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքերուն վիճակաձգութիւնը: 2019-ի աշխարհի ախոյեանութեան գծով Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ մաս կազմեց Ա. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սլովաքիան, Շուէտը եւ Պոսնիան: Ինչ կը վերաբերի Եւրոպայի 2017-ի ախոյեանութեան, Հայաստանի տղոց 20 տարեկանէն վար հաւաքականը դարձեալ յայտնուցեաւ Ա. խմբակին մէջ, ուր իրեն մրցակիցներ...

Ըմբշամարտ. Մաքսիմ Մանուկեան` Աշխարհի Բաժակակիր

Պուտափեշթի մէջ տեղի ունեցած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի բաժակի մրցաշարքի 5-րդ դիրքի մրցումին, Տինամօ Երեւան յաղթեց ռուսական «MGFSO» խումբին: Այս մրցաշարքին յաղթեց Իրանը ներկայացնող Սինա Սանաթ խումբը, որուն մաս կը կազմէ Հայաստանի հաւաքականի ըմբիշ Մաքսիմ Մանուկեան: 3-րդ դիրքը գրաւեց իրանեան այլ կազմ մը` Պեմեհ Ռեզի, որուն մաս կը կազմէ Արսէն Ջուլֆալակեան:

«Էն. Պի. Էյ.». Քլիփըրզ Յաղթեց, Լէյքըրզ Պարտուեցաւ

Ճէյմզ Հարտեն «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, բաւական հետաքրքրական ճակատումէ մը ետք Լոս Անճելըս Քլիփըրզ կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 121-120 արդիւնքով յաղթեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի: Սակայն Լոս Անճելըսի երկրորդ խումբը` Լէյքըրզ 116-92 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սաքրամենթօ Քինկզի դաշտին վրայ: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տեմարքուս Քուսինս նշանակեց 31 կէտ, մինչ Քլիփըրզի մաս կազմող Տ՛անճելօ Ռասըլ`...

Page 1033 of 1277 1 … 1,032 1,033 1,034 … 1,277

Արխիւներ