Ռուսիան ներկայացնող սուսերամարտիկ Եանա Եգորեան ճանչցուեցաւ Ռուսիոյ 2016-ի լաւագոյն մարզիկը, երէկ յայտնեց ռուսական մամուլը:
Կը նշուի, որ ան այդ կոչումին արժանացած է «Ռուսիոյ հպարտութիւն» անուանակարգին մէջ:
Նշենք, որ ան Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերու կրկնակի ախոյեան է, ինչպէս նաեւ տիրացած է սուսերամարտի, անհատական եւ խմբային մրցումներու ոսկի մետալներու: