Ֆութպոլի մրցումի մը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան սպանական երկու կազմեր` Միրալպուա Սարակոսա եւ Սան Խուան, տեղի ունեցաւ ոչ մարզավայել միջադէպ մը:
20-րդ վայրկեանին օրուան իրաւարարը հիւր կազմին երկու փենալթի շնորհեց (որոնք կոլի վերածուեցան), որմէ ետք Միրալպուայի մարզիկներէն մէկը ինքզինք չկարենալով զսպել խոշտանգեց օրուան 18 տարեկան իրաւարարը: