ՖԻՖԱ-ին հովանաւորութիւնը վայելող աշխարհի ֆութպոլի ակումբներու ախոյեանութեան կիսաւարտականի առաջին ճակատումին, Քաշիմա Անթլերս 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Աթլեթիքօ Նասիոնալին, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Աւարտականին անիկա կը մրցի Ռէալ Մատրիտ – Ամերիքա մրցումին յաղթականին դէմ:
Ուշագրաւ եղաւ այն, որ ՖԻՖԱ-ին կողմէ գործադրութեան դրուեցաւ եւ առաջին անգամ կիրարկուեցաւ նոր օրէնք մը:
Օրուան կեդրոնի իրաւարարը` Վիքթոր Քասայ, մրցումը ընդհատեց 45 երկվայրկեանով` որոշելու համար, թէ արդեօք փենալթի մը պէ՞տք է սուլէ:
Ան ուղղուելով դաշտին մօտ գտնուող պատկերասփիւռի մը մօտ, դիտեց կասկածելի բաժին մը` տեսանիւթի կրկնութեամբ, եւ սուլեց փենալթի մը` ի նպաստ Ճափոնի ախոյեանին: