Մարզական

«Լոնտոն Չես Քլասիք». Լեւոն Արոնեան Պարտուեցաւ Վերջին Հանգրուանին

Երէկ, Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնի մէջ աւարտեցաւ «Լոնտոն Չես Քլասիք» ճատրակի միջազգային մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի հանդիպումները: Հայաստանի ազգային հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, իր կատարած վերջին մրցումին ճերմակ քարերով պարտուեցաւ պուլկարացի Վեսելին Թոփալովէն` 53-րդ շարժումին: Արոնեան, որ մրցաշարքը աւարտեց 4 կէտով, բաժնեց 7-9 դիրքը: Տիտղոսին տիրացաւ ամերիկացի Ուեսլի Սօ, որ ապահովեց 6 կէտ: Անկէ կէս կէտով ետ...

ՖԻՖԱ. Աշխարհի Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Ռէալ Մատրիտ Գերազանցեց Պարսելոնան

Աշխարհի ակումբներու ՖԻՖԱ-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտականի ճակատումին, նախորդ շաբաթավերջին Ռէալ Մատրիտ 21-րդ անգամն ըլլալով բարձրացուց այս տիտղոսը, երբ աւարտական ճակատումին 4-2 արդիւնքով յաղթեց Քաշիմա Անթլերսին (Ճափոն): Այսպիսով, Ռէալ Մատրիտ գերազանցեց Պարսելոնան, որ այս տիտղոսին տիրացած է 20 անգամ: Անոր 18-ական անգամ տիրացած են Ա. Սէ. Միլան եւ Պոքա Ժունիորզ (Արժանթին): 68 հազար համակիրներու ներկայութեան, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ դարձաւ հեթրիքի հեղինակ, մինչ...

Հայաստանի Ծանրաբարձութեան Ֆետերասիոնը` Ցարդ Առանց Նախագահի

Հայաստանի Ծանրաբարձութեան Ֆետերասիոնը` Ցարդ Առանց Նախագահի

News.am-Sport կայքը հաղորդեց, որ Հայաստանի ծանրաբարձութեան ֆետերասիոնը ցարդ կը մնայ առանց նախագահի եւ ընտրութիւն կատարելու առնչութեամբ իր աշխատանքը կը շարունակէ: Շուրջ մէկ տարիէ ի վեր ֆետերասիոնի նախագահի պաշտօնը թափուր ըլլալով, ֆետերասիոնին բոլոր հարցերով կը զբաղի ընդհանուր քարտուղար, Հայաստանի տղոց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեան: Այնպէս կը թուի, որ ան քիչ մը դժգոհ է այդ վիճակէն, որովհետեւ իր խօսքին մէջ կ՛ըսէ,...

Սուարեզ Մինչեւ 2021 Պարսելոնայի Հետ

Ուրուկուէյցի միջազգային յառաջապահ Լուիս Սուարեզ նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Պարսելոնայի հետ եւ այսպիսով մինչեւ 30 յունիս 2021 պիտի մնայ «Քամփ Նու»: Նոր պայմանագիրով անոր հրաժարագինը կը կազմէ 200 միլիոն եւրօ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Սաժես

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 17 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ - Սաժես մրցումը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Բնականաբար, իւրաքանչիւր խումբ պիտի ուզէ ինք ըլլալ մրցումին յաղթականը` բարելաւելու համար դասաւորման մէջ իր դիրքը: ՀՄԸՄ ցարդ արձանագրած է 3 յաղթանակ, մինչ Սաժես` 1, կրելով 2 պարտութիւն: ՀՄԸՄ-ի...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  Վաղը` ՀՄԸՄ – Նըժմէ

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Նըժմէ

Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 18 դեկտեմբերին տեղի կ՛ունենայ բաւական հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին լիբանանեան երկու անուանի ակումբներ` ՀՄԸՄ եւ Նըժմէ, կը մրցին իրարու դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Թրփոլիի մէջ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 13:30-ին: ՀՄԸՄ-էն կ՛ակնկալուի ամէն գնով տպաւորիչ մրցում մը կատարել եւ իր ամէն կարելին ընել յաղթանակ մը արձանագրելու համար:...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Եուվենթուս – Ա. Էս. Ռոմա

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Եուվենթուս – Ա. Էս. Ռոմա

Վաղը` Մանչեսթըր Սիթի - Արսենալ Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, կարգ մը մրցումներ պիտի ըլլան հետաքրքրական: Սկսելով Անգլիայէն, բաւական զօրաւոր ճակատումի մը ընթացքին իրարու դէմ պիտի ճակատին Մանչեսթըր Սիթի եւ Արսենալ, մինչ յառաջիկայ երկուշաբթի օր, Լիվըրփուլ քաղաքի տերպին` Էվըրթընի եւ Լիվըրփուլի միջեւ, իր կարգին կը խոստանայ ըլլալ հետաքրքրական: Իտալիոյ մէջ, գագաթի ճակատումի մը ընթացքին իրարու դէմ...

Մամլոյ Ասուլիս` «Մեճիք Ֆութսալի» Մրցումին Գծով

Երէկ, «Պիել»-ի մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին խօսուեցաւ 4 մարտ 2017-ին տեղի ունենալիք ֆութսալի միջազգային մրցումի մը մասին, որ իր տեսակին մէջ եզակի պիտի ըլլայ: «Մեճիք ֆութսալ» անունը կրող այս մրցումը տեղի կ՛ունենայ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին հսկողութեամբ եւ կազմակերպութեամբ «Սփոր Էվազիոն»-ին: Այս մրցումին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Իտալիայէն, Կալեսէն, Հոլանտայէն, Պրազիլէն եւ Փորթուգալէն անուանի ֆութպոլիստներ: Ցարդ յստակացած...

Ճատրակ. Արոնեան Պարտուեցաւ

«Լոնտոն Չես Քլասիք-2016»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի 6-րդ հանգրուանին գծով իր կատարած ճակատումին Հայաստանի զօրաւորագոյն ճատրակ խաղացողը` Լեւոն Արոնեան, սեւ քարերով պարտութիւն մը կրեց ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ - Լակրաւէն: Արոնեանի մրցակիցը իր այս յաղթանակը արձանագրեց 41-րդ շարժումին: Արոնեան այժմ 3 կէտով կը բաժնէ 4-8-րդ դիրքը:

Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն.  Այսօր Կը Սկսի 2015-2016 Տարեշրջանը

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ-ի Կազմերուն Շաբաթավերջի Յայտագիրը

Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 12-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 18 դեկտեմբերին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը կը մրցի` «Էյ. Եու. Սի. Ի.»-ի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ), պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 22:00-ին: Ինչ կը վերաբերի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանին, ՀՄԸՄ Պէյրութ այսօր` շաբաթ, 17 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:00-ին, Սատաքայի դաշտին...

Թենիս. Շարափովա Պարտուեցաւ Իր Կախակայումէն Վերադարձին

Ռուս թենիսվումըն Մարիա Շարափովա, որ խթանիչ դեղեր գործածած ըլլալուն համար 1,5 տարիով կախակայուած էր, վերադառնալով թենիսի դաշտերը կատարեց իր առաջին մրցումը: Սակայն անոր վերադարձը պարտութեամբ սկսաւ, երբ ան Փորթօ Ռիքոյի մէջ ցուցադրական մրցումի մը ընթացքին պարտութիւն մը կրեց Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի ախոյեան Մոնիքա Փունքիէն: Նշենք, որ 29 տարեկան Շարափովա պաշտօնական իր մրցումներուն կրնայ սկսիլ ապրիլ 2017-ին:

ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչ Ճորճ Սապունճեան Վերընտրուեցաւ  Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Անդամ

ՀՄԸՄ-ի Ներկայացուցիչ Ճորճ Սապունճեան Վերընտրուեցաւ Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Անդամ

Երէկ` հինգշաբթի, 15 դեկտեմբերին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ) տեղի ունեցան Լիբանանի պասքեթպոլի նոր ֆետերասիոնին ընտրութիւնները: Ընտրութիւնները, որոնք սկսան երեկոյեան ժամը 18:00-ին, աւարտեցան կէս գիշերէն ետք ժամը 1:00-ին: Բաւական սուր պայքարէ ետք, իրարու հակադիր երկու ցանկերու անդամ թեկնածուներ ընտրուեցան նոր ֆետերասիոնի անդամ` 15 աթոռի համար: ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ Ճորճ Սապունճեան վերընտրուեցաւ ֆետերասիոնի անդամ` ապահովելով 173 ձայն: Ստորեւ նոր ֆետերասիոնին անդամները` իրենց...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Աղջկանց «Ֆայնըլ-Ֆոր»-ի Մրցումներուն Յայտագիրը Հրապարակուեցաւ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` Շանվիլ – Մութթահետ Եւ Լուէյզի – Թատամոն

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան երկու ճակատումներ: Առաջին ճակատումին, որ պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Շանվիլ կը հիւրընկալէ Մութթահետը` Տիք Մըհտիի մէջ: Իսկ երկրորդին, Լուէյզի իր դաշտին վրայ երեկոյեան ժամը 20:00-ին կը հիւրընկալէ Թատամոնը:

Արցախցի Կարէն Սարգսեան` Սամպոյի Դեռահասներու Աշխարհի Փոխախոյեան

Լիմասոլի մէջ սկսան սամպոյի դեռահասներու (Քատեթ) աշխարհի 2016-ի ախոյեանութեան մրցումները` մասնակցութեամբ շուրջ 20 երկիրներու, որոնց կարգին է նաեւ Հայաստան: Մրցումներուն առաջին օրն իսկ Հայաստանը ներկայացնող արցախցի Կարէն Սարգսեան 42 քկ դասակարգին մէջ տիրացաւ արծաթ մետալին, կը յայտնէ News.am-Sport կայքը: Երէկ հայրենի երկու մարզիկներ իրենց կարգին տիրացան երկու յաւելեալ մետալներու: 46 քկ դասակարգին մէջ Դաւիթ Յովսէփեան տիրացաւ արծաթ մետալին, իսկ Դաւիթ...

Ճատրակի Մրցաշարք` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրին Մէջ

Ճատրակ. Ս. Ծննդեան Տօնի Մրցաշարք` 22-30 Դեկտեմբերին

Կազմակերպութեամբ Նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ակումբին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին, 22-30 դեկտեմբերին վերոնշեալ ակումբին մէջ (ԵՈՒՆԵՍՔՕ) տեղի կ՛ունենայ Ս. Ծննդեան տօնին նուիրուած ճատրակի մրցաշարք մը` 38-րդ անգամն ըլլալով: Նշենք, որ 24 եւ 25 դեկտեմբերին մրցում տեղի պիտի չունենայ: Մրցումները պիտի սկսին ժամը 18:30-ին եւ կ՛ընդգրկեն 7 հանգրուան: Մրցանակակիրները պիտի ստանան նիւթական պարգեւներ: Անոր մասնակցիլ փափաքողները իրենց անունները արձանագրելու համար...

Ռէալ Մատրիտ Հասաւ Աւարտականին

Քարիմ Պենզեմա Աշխարհի ակումբներու ախոյեանութեան կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումին, երէկ Ռէալ Մատրիտ 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ամերիքային, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, ուր կը ճակատի Քաշիմա Անթլերսի դէմ: Ռէալի կոլերը նշանակեցին Քարիմ Պենզեմա (45-րդ) եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ (93-րդ):

«Էն. Պի. Էյ.» – Քլիփըրզ Յաղթեց, Լէյքըրզ Պարտուեցաւ

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան տասը ճակատումներ: Լոս Անճելըս քաղաքի կազմերէն Քլիփըրզ յաղթանակ մը արձանագրեց, մինչ նոյն քաղաքի երկրորդ կազմը` Լէյքըրզ, պարտուեցաւ: Մեծագոյն յաղթանակը արձանագրեց Հիուսթըն Ռոքեթց, որ 132-98 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Սաքրամենթօ Քինկզը: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ - Թորոնթօ Ռեփթըրզ 114-123 Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ - Շարլոթ Հոռնեթց 109-106 Օրլանտօ Մեճիք - Լոս...

Պարսելոնա Մեսսիին Պիտի Առաջարկէ Տարեկան 35 Միլիոն Եւրօ

«ԱՍ»-ի համաձայն, Պարսելոնա այժմ աշխատանք կը տանի իր արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի գործող պայմանագրութիւնը երկարաձգելու: Կը կարծուի, որ Պարսա անոր պիտի առաջարկէ տարեկան 35 միլիոն եւրօ աշխատավարձ` առանց հարկերու (հարկերով` 70 միլիոն եւրօ): Այժմ Մեսսի իր ակումբէն տարեկան կը գանձէ 24 միլիոն եւրօ, իսկ անոր գործող պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2018-ի ամրան: Նշենք, որ վերջերս Պարսելոնա պրազիլցի Նէյմարի պայմանագրութիւնը երկարաձգեց մինչեւ 2021,...

Կարլեն Մկրտչեան Շատ Հաւանաբար Հեռանայ Անժիէն

ArmFootball.com կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Կարլեն Մկրտչեան մարզիկներու ձմեռնային փոխանցումներուն ընթացքին հաւանաբար պիտի լքէ իր ակումբը` Անժին, յայտնապէս դժգոհ մնալով իր կազմէն: Սակայն այդ առնչութեամբ վերջնական ոչինչ կայ` նկատի ունենալով, որ կը կարծուի, որ ան հանդիպում մը պիտի ունենայ ակումբին պատասխանատուներուն հետ:

Օկզպուրկ Պաշտօնանկ Ըրաւ Իր Մարզիչը

«Պունտըսլիկա»-ի նորեկ Օկզպուրկ որոշեց պաշտօնանկ ընել իր մարզիչը` Տըրք Շուսթըրը (48 տարեկան), խումբին արձանագրած բաւական ձախող արդիւնքներուն պատճառով: Այս տարեշրջանին, ախոյեանութեան գծով ցարդ իր կատարած վերջին 9 մրցումներէն միայն մէկուն անիկա յաղթանակ արձանագրած է: Պահեստի խումբի մարզիչ Մանուէլ Պաում ժամանակաւորապէս ստանձնեց անոր պաշտօնը: Այժմ խումբը կը գրաւէ 13-րդ դիրքը` 3 յաղթանակով:

Page 1032 of 1277 1 … 1,031 1,032 1,033 … 1,277

Արխիւներ