Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ, երբ Սանթրալի իր դաշտին վրայ Լուէյզի հիւրընկալեց Ռիատին:
Ախոյեան Ռիատի կրեց իր երկրորդ պարտութիւնը` 77-71 արդիւնքով (16-18, 38-33, 58-53 եւ 77-71):
Լուէյզիի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Կերոն Ճոնսըն` 33 կէտ, մինչ անոր խմբակից Թրէյվիս Մաքկի` 19: Ռիատիէն Իպրահիմ Ահմետ նշանակեց 17 կէտ, իսկ Ժան-Ապտել Նուր` 16:
Այսօր կը սկսի 4-րդ հանգրուանը` Հուփս – Մէյրուպա մրցումով, որ տեղի կ՛ունենայ Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ, երեկոյեան ժամը 21:40-ին: