«Տը Թայմզ» կը հաղորդէ, որ Չելսի ակումբի յետսապահ Ճոն Թերիի պայմանագրութիւնը պիտի չերկարաձգէ: Կը նշուի, որ լոնտոնեան կազմը 36 տարեկան խմբապետին փոխարէն նոր յետսապահի մը փնտռտուքի աշխատանքին սկսած է:
Թերի, որ 1998-էն ի վեր հանդէս կու գայ Չելսիի հետ, նախորդ մայիսին մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց խումբին հետ: