
Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ 2019-ի պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան, ինչպէս նաեւ` 2017-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքերուն վիճակաձգութիւնը:
2019-ի աշխարհի ախոյեանութեան գծով Հայաստանի ազգային հաւաքականը, որ մաս կազմեց Ա. խմբակին, իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սլովաքիան, Շուէտը եւ Պոսնիան:
Ինչ կը վերաբերի Եւրոպայի 2017-ի ախոյեանութեան, Հայաստանի տղոց 20 տարեկանէն վար հաւաքականը դարձեալ յայտնուցեաւ Ա. խմբակին մէջ, ուր իրեն մրցակիցներ ունի Ֆինլանտան, Լեհաստանը, Պելճիքան, Պիելոռուսիան եւ Մալթան:
Հայաստանի 16 տարեկանէն վար հաւաքականին մրցակիցներն են Մալթա, Ճիպրալթար, Մոլտովա եւ Կալես, իսկ 18 տարեկանէն վար հաւաքականին մրցակիցները` Քոսովօ, Նորվեկիա եւ Կիպրոս:
Ինչ կը վերաբերի աղջկանց 16 տարեկանէն վար հաւաքականին, Հայաստան պիտի մրցի Ճիպրալթարի, Մոնաքոյի եւ Քոսովոյի դէմ, իսկ 18 տարեկանէն վար հաւաքականը` Կիպրոսի, Մալթայի, Քոսովոյի եւ Ճիպրալթարի դէմ:


