Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Լոնտոն Չես Քլասիքի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, 5-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, ճերմակ քարերով 20-րդ շարժումին հաւասարութիւն մը արձանագրեց հոլանտացի Անիշ Կիրիի հետ:
Արոնեան, որ այսպիսով արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը, այժմ ունի 5 կէտ:
Ա. հանգրուանին Արոնեան յաղթեց անգլիացի Մայքըլ Ատամզին, որմէ ետք հաւասարութիւններ արձանագրեց ռուս Վլատիմիր Քրամնիքի, Ուեսլի Աոյի եւ ամերիկացի Ֆապինաօ Քարուանայի հետ:
Այս մրցաշարքը կ՛ընդգրկէ 9 հանգրուան: