Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ երեկոյեան Միշել Մըրի անուան համալիրին մէջ Հուփս հիւրընկալեց Մէյրուպան:
Հիւրընկալ կազմը կրեց իր չորրորդ յաջորդական պարտութիւնը, երբ տասը կէտի տարբերութեամբ 82-72 արդիւնքով տեղի տուաւ իր հիւրին դիմաց (17-21, 37-35, 46-58 եւ 72-82): Մէյրուպա արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը:
Կէտերու տարբերութիւնը բարձրացաւ երրորդ քորթըրի երկրորդ 5 վայրկեանին, երբ Մէյրուպա նշանակեց 13 կէտ, մինչ Հուփս` 5 կէտ միայն:
Մրցումին ամէնէն շատ կէտը Հուփսէն նշանակեց Ալի Մըզհեր (32): Մէյրուպայէն Քալվին Քէյճ նշանակեց 31 կէտ, մինչ անոր խմբակից Ռապըրթ Ափշօ` 23 կէտ: Մէյրուպայի երրորդ օտարական մարզիկը` Ճոն Պոհանոն, թէեւ նշանակեց միայն 9 կէտ, բայց ձեռք ձգեց 21 ռիպաունտ:
Նշենք, որ Հուփս իր կրած երեք յաջորդական պարտութիւններէն ետք պաշտօնական ըրաւ իր մարզիչը` Աթանասիոս Փափաչաթիցը:
Մոհամետ Ղազաուի, որ անոր օգնականն էր, երէկուան մրցումին եղաւ գլխաւոր մարզիչը:
Օրուան իրաւարարներն էին Մարուան Էկօ, Ռապպահ Նըժէյմ եւ Ատել Խուէյրի: