«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, բաւական հետաքրքրական ճակատումէ մը ետք Լոս Անճելըս Քլիփըրզ կէտի մը տարբերութեամբ միայն` 121-120 արդիւնքով յաղթեց Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզի:
Սակայն Լոս Անճելըսի երկրորդ խումբը` Լէյքըրզ 116-92 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սաքրամենթօ Քինկզի դաշտին վրայ: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Տեմարքուս Քուսինս նշանակեց 31 կէտ, մինչ Քլիփըրզի մաս կազմող Տ՛անճելօ Ռասըլ` 17 կէտ:
Ճէյմս Հարտեն երէկուան մրցումներուն նշանակեց ամէնէն շատ կէտը, երբ անոր կազմը` Հիուսթըն Ռոքեթց, 122-118 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Պրուքլին Նեթցին:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Ինտիանա Փէյսըրզ – Շարլոթ Հոռնեթց | 110-94 |
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Միլուոքի Պաքս | 122-100 |
Մայեմի Հիթ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ | 112-101 |
Հիուսթըն Ռոքեթց – Պրուքլին Նեթց | 122-118 |
Տալաս Մավըրիքս – Տենվըր Նակեթց | 112-92 |
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ | 121-120 |
Սաքրամենթօ Քինկզ – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ | 116-92 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Մեմֆիս Կրիզլիզ
Աթլանթա Հոքս – Օրլանտօ Մեճիք
Շիքակօ Պուլզ – Մինեսոթա Վուլվզ
Նիւ Օրլինզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Նիւ Եորք Նիքս
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Օքլահոմա Սիթի