Զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Եւրոպայի ֆութպոլի 17 եւ 19 տարեկանէն վար 2017-2018-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին վիճակաձգութիւնը:
Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը ընդգրկուեցաւ Գ. խմբակին մէջ` իրեն մրցակից ունենալով Չեխիան, Թուրքիան եւ Իսրայէլը: Մրցումները կը սկսին 13 հոկտեմբեր 2017-ին:
52 հաւաքականները բաժնուած են 13 խմբակի: Առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը, ինչպէս նաեւ երրորդ դիրքը գրաւած լաւագոյն 4 խումբերը կ՛անցնին յաջորդ հանգրուան:
Հայաստանի 19 տարեկանէն վար հաւաքականը եւս ընդգրկուեցաւ Գ. խմբակին մէջ, ուր իրեն մրցակից կ՛ունենայ Լիւքսամպուրկը, Սկովտիան եւ Չեխիան:
Իսկ ինչ կը վերաբերի Եւրոպայի 17 տարեկանէն վար 2016-2017 տարեշրջանի ախոյեանութեան, Հայաստան մաս կազմեց Ա. խմբակին` իրեն մրցակից ունենալով Գերմանիան, Թուրքիան եւ Ֆինլանտան:
Զտումի մրցումները տեղի կ՛ունենան Անթալիոյ մէջ` 23-28 մարտին: