Պուտափեշթի մէջ տեղի ունեցած յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի աշխարհի բաժակի մրցաշարքի 5-րդ դիրքի մրցումին, Տինամօ Երեւան յաղթեց ռուսական «MGFSO» խումբին:
Այս մրցաշարքին յաղթեց Իրանը ներկայացնող Սինա Սանաթ խումբը, որուն մաս կը կազմէ Հայաստանի հաւաքականի ըմբիշ Մաքսիմ Մանուկեան:
3-րդ դիրքը գրաւեց իրանեան այլ կազմ մը` Պեմեհ Ռեզի, որուն մաս կը կազմէ Արսէն Ջուլֆալակեան: