
Աթլեթիքօ Մատրիտի բերդապահ Եան Օպլաք, որ Վիարէալի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի մրցումին (15-րդ հանգրուան) վիրաւորուեցաւ, վիրաբուժութեան մը պիտի ենթարկուի (ուսի):
Յայտարարուեցաւ, որ վիրաբուժութեան ենթարկուելէ ետք, ան 3-էն 4 ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն:
Նշենք, որ սլովենիացի բերդապահը, որ իր բերդին մէջ 15 մրցումի ընթացքին ստացաւ 13 կոլ, 7 մրցումէ ի վեր իր բերդը կը պահէր անառիկ:


