Դաւիթ Նալպանտեանի Առաջին Յաղթանակը
Տղոց թենիսի աշխարհի միջազգային դասաւորման նախկին 3-րդ դիրքը գրաւած արժանթինահայ Դաւիթ Նալպանտեան իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտելէն ետք մուտք գործեց ինքնաշարժներու աշխարհ: 2015-2016-ի ժամանակամիջոցին ան երկու անգամ, ինքնաշարժներու միջազգային մրցաշարքերու մասնակցեցաւ, առանց սակայն յաջողութիւն գտնել կարենալու: Սակայն նախորդ շաբաթավերջին ան արձանագրեց իր առաջին յաղթանակը` «Քոփա Մաքսի Ռալլի»-ի մրցումին, տիրանալով տիտղոսին, կը յայտնէ «Ի. Էս. Փի. Էն.»: Նշենք, որ վերոնշեալ մրցաշարքին կը...





