
Երէկ յետմիջօրէին Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի կեդրոնատեղիին մէջ (Հազմիէ) նախագահ Ժան Համմամ ընդունեց Լիբանանի զբօսանաւերու ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ անոր նախագահին` Քամիլ Շամունի:
Շամուն պաշտօնապէս յայտարարեց, որ յետս կը կոչէ ֆետերասիոնին կողմէ առաջադրուած ընդհանուր քարտուղար` Ռապիհ Սալեմի թեկնածութիւնը` դիւրացնելու համար Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին ընտրութիւնները, որոնք տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ շաբաթ, 21 յունուարին:
Համմամ դրուատիքով արտայայտուեցաւ առնուած այս քայլին մասին: