Ուրուկուէյահայ 30 տարեկան յառաջապահ Մաուրօ Գեւգէօզեան, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Չիլիի մէջ` նկատի ունենալով, որ ան քոլոմպիական Աթլեթիքօ Պուքարամանկայէն տեղափոխուեցաւ Իւնիվերսիտատ Տէ Քոնսեփսիոն:
Ան Քոլոմպիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ 23 մրցումի ընթացքին նշանակեց 11 կոլ:
Փորձառու յառաջապահը նախապէս Չիլիի ախոյեանութեան մասնակցած է 2009-2010 տարեշրջանին` մաս կազմելով Էվըրթընի, կը յայտնէ elbocon.pe կայքը: