Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնը իր գումարած մէկ ժողովին տուաւ կարգ մը որոշումներ:
Յայտարարուեցաւ, որ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին նախկին փոխնախագահ Ահմետ Արաքժի, ցմահ ֆետերասիոնին պատուոյ անդամ պիտի ըլլայ:
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին նախագահ Սելիմ Հաժ Նքուլա պիտի ըլլայ ֆետերասիոնին թեկնածուն` Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ընտրութիւններուն (շաբաթ, 21 յունուար):
Միսաք Պոյաճեան նշանակուեցաւ ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքին, ելեկտրոնային էջը համակարգողն ու գլխաւոր պատասխանատուն:
Ֆետերասիոնը որոշեց իր թեկնածութիւնը առաջադրել, որպէսզի յառաջիկայ օգոստոսի կէսերուն, հիւրընկալէ Արաբական բաժակի 16-րդ մրցաշարքը:
Ֆետերասիոնը իր հաւանութիւնը տուաւ, որ Լիբանան իր մասնակցութիւնը բերէ 21-26 փետրուարին Քաթարի մէջ տեղի ունենալիք փինկ փոնկի միջազգային մրցաշարքին: