Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշ երէկ նախարարութեան իր կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանեան համալսարաններու մարզական յանձնախումբի նախագահ Նասրի Լահուտը` ներկայութեամբ նախարարի խորհրդատու Ալի Ֆաուազի:
Շնորհաւորելէ ետք նախարարը իր նշանակումին առիթով, Լահուտ մանրամասն տեղեկութիւն փոխանցեց ցարդ տարուած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ իրագործուելիք ծրագիրներուն մասին:
Նախարարը, դրուատելով յանձնախումբին տարած աշխատանքը, իր զօրակցութիւնը յայտնեց Լահուտի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան: